YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 36

36
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ
(Դ. Թագ. 18:13-27, Բ. Մնաց. 32:1-19)
1Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։ 2Ասորեստանի թագաւոր Ռափսակը Լաքիսէն շատ զօրքով Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին ու անիկա թափիչի ագարակին ճամբան՝ վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցաւ։ 3Եւ պալատին հազարապետը՝ Քեղկիայի որդին Եղիակիմ ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաղը անոր գացին։
4Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէք. ‘Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. 5Ո՞րն է այն յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս։ Դուն կը խորհիս թէ պարզ խօսքերը պատերազմի համար ռազմագիտութիւն եւ զօրութիւն են, բայց անոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւն ապաւինելով ինծի դէմ ապստամբեցար։ 6Դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին՝ ապաւինեցար, որ եթէ անոր մարդ մը կռթնի՝ ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսին Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է։ 7Բայց եթէ ինծի ըսես թէ՝ ‘Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք’, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. ‘Միայն այս սեղանին առջեւ երկրպագութիւն ըրէք’։ 8Ու հիմա իմ տիրոջս Ասորեստանի թագաւորին #36:8 Կամ, պատանդ տուրհետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ ունիս։ 9Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։ 10Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելի՛ր ու զանիկա աւերէ՛’»։
11Եղիակիմ եւ Սեբնա ու Յովաք Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ #36:11 Կամ, ՔաղդէարէնԱսորերէն խօսիր, քանզի մենք կը հասկնանք։ Մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ» 12Բայց Ռափսակ ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը լսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. չէ՞ որ այն մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու»։
13Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց ու ըսաւ. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք։ 14Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ ազատել։ 15Եզեկիա թող ձեր յոյսը Եհովային վրայ չդնէ՝ ըսելով. Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։ 16Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի ելէ՛ք։ Ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն թող ուտէ։ Ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն թող խմէ, 17Մինչեւ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը տանիմ։ 18Չըլլայ թէ Եզեկիա ձեզ գլխէ հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ Միթէ միւս ազգերուն աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ ամէն մէկը իր երկիրը ազատե՞ց։ 19Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։ 20Այս երկիրներուն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ’»։ 21Անոնք լուռ կեցան եւ անոր ամենեւին պատասխան մը չտուին. քանզի թագաւորը հրամայեր էր՝ «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։
22Քեղկիային որդին Եղիակիմ՝ պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաք հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր պատմեցին։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 36: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in