ԵՍԱՅԵԱՅ 34
34
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք,
Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք.
Երկիրն ու անոր լիութիւնը,
Աշխարհն ու անոր բոլոր #34:1 Եբր., սերունդըբնակիչները թող մտիկ ընեն։
2Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ
Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։
Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։
3Անոնց սպաննուածները պիտի նետուին
Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։
Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին,
4Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին
Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի
Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝
Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի
Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։
5Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։
Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ
Դատաստան ընելու պիտի իջնէ։
6Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած է
Ու ճարպով իւղոտուած է՝
Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովը
Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը,
Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի
Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։
7Անոնց հետ պիտի իյնան #34:7 Կամ, վայրենի ցուլերըմիեղջերուները
Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետ
Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ
Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,
8Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը
Ու Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։
9Անոր գետերը՝ ձիւթի
Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։
Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ,
10Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի.
Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ
Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։
Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։
11Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։
Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։
Անոր վրայ դատարկութեան լարը
Եւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։
12Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն,
Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։
Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։
13Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։
Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին.
Չագալներու՝ բնակարան,
Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։
14Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին,
Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։
Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին
Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։
15Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ
Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։
Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։
16Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք.
Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի,
Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ,
Վասն զի իր բերանը հրամայեր է
Ու իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։
17Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է
Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։
Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն,
Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 34: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.