ԵՍԱՅԵԱՅ 33
33
ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցար
Ու վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող որ քեզ չյափշտակեցին։
Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն.
Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։
2Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք.
Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիր
Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր։
3Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին,
Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։
4Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն.
Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։
5Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։
Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։
6Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը
Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։
Տէրոջը վախը անոր գանձն է։
7Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն.
Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։
8Բանուկ ճամբաները ամայի եղան,
Ճամբայէն անցնող չմնաց։
Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց,
Մարդը բանի տեղ չի սեպեր.
9Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի,
Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ,
Սարօն անապատի պէս եղաւ։
Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ
10«Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Հիմա պիտի փառաւորուիմ,
Հիմա պիտի բարձրանամ։
11Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիք
Ու ձեր #33:11 Կամ, բարկութեան ոգինշունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։
12Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան.
Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։
13Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրի
Ու մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։
14Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան,
Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։
Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ.
Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։
15Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը,
Անիրաւութեան շահը մերժողը,
Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը,
Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը
Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։
16Անիկա բարձրերը պիտի բնակի,
Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ.
Անոր հաց պիտի տրուի
Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ
17Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն,
Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։
18Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ.
«Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը,
Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։
19Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը,
Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը,
Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը։
20Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։
Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն,
Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը,
Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին
Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին։
21Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի
Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ,
Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ
Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։
22Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է,
Մեր օրէնսդիրը Տէրն է,
Մեր թագաւորը Տէրն է,
Անիկա մեզ պիտի ազատէ։
23Քու չուաններդ թուլցան,
Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել,
Առագաստը չկրցան բանալ։
Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։
Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։
24Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։
Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 33: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.