Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը,
Անիրաւութեան շահը մերժողը,
Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը,
Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը
Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։
Անիկա բարձրերը պիտի բնակի,
Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ.
Անոր հաց պիտի տրուի
Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։