ԵՍԱՅԵԱՅ 32
32
ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ
1Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ
Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։
2 # 32:2 Կամ, ամէն մէկը Այս մարդը՝ ՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս
Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս,
Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս
Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ
Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։
3Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան,
Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։
4Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ
Եւ թոթովախօսներուն լեզուն
Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։
5Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի,
Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի.
6Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի
Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։
Կեղծաւորութիւն կ’ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։
Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ
Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։
7Ագահին #32:7 Եբր., գործիքներըհնարքները չար են
Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար
Նենգութիւններ կը խորհի,
Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։
8Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի
Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։
ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
9Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք,
Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք.
Ո՛վ անհոգ աղջիկներ,
Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։
10Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք,
Ո՛վ անհոգ կիներ,
Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ,
Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։
11Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք.
Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք.
Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք
Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։
12Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար
# 32:12 Եբր., ստինքներուն վրայ պիտի ողբան Կուրծքերնին պիտի ծեծեն՝ ՝։
13Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ
Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի.
Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝
Բերկրալի քաղաքին մէջ։
14Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին,
Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի,
Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան,
Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար,
15Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի
Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ
Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։
16Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի
Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։
17Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն
Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
18Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ
Ու ապահով վրաններու մէջ
Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։
19Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ
Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։
20Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք
Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 32: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.