ԵՍԱՅԵԱՅ 11
11
ԽԱՂԱՂ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ
Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի
2Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին,
Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին,
Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին,
Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
3Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի #11:3 Կամ, ուրախանայ. Եբր., հոտ առնէլեցուի
Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ
Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
4Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ
Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։
Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ
Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը
Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։
6Գայլը գառին հետ պիտի բնակի
Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։
Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին
Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։
7Կովը արջին հետ պիտի ճարակի,
Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։
Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ
8Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ
Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։
9Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ.
Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի,
Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
10Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։
Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն
Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11Եւ այն օրը
Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ,
Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն,
Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն
Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ
Իր ժողովուրդին մնացորդը։
12Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ
Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ
Ու երկրին չորս անկիւններէն
Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ
Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին.
Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։
Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.
14Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն #11:14 Կամ, սահմաններունուսերուն վրայ պիտի թռչին
Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։
Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն
Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։
15Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի #11:15 Կամ, կորցնէկործանէ
Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ
Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ,
Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։
16Իր ժողովուրդին մնացորդին համար
Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն,
Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին,
Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 11: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.