Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին,
Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին,
Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին,
Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի
Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ
Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.