ԵՍԱՅԵԱՅ 10
10
1Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն
Եւ այն դպիրներուն, որոնք անօրէնութիւն կը գրեն,
2Որպէս զի աղքատներուն դատը խոտորեն
Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն.
Որպէս զի որբեւարիները իրենց աւար ըլլան
Ու իրենք որբերը կողոպտեն։
3Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը
Եւ հեռուէն գալու կործանման ատենը։
Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք
Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։
4Առանց ինծի գերիներուն #10:4 Եբր., տակմէջ պիտի ծռին
Ու սպաննուածներուն #10:4 Եբր., տակմէջ պիտի իյնան։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԻՔ
5Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ
Եւ որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է։
6Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ
Ու հրաման պիտի տամ անոր այն ժողովուրդին դէմ, որուն սրդողած եմ,
Որ հաւաքէ ու յափշտակութիւն ընէ
Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ։
7Բայց անիկա այնպէս չի մտածեր
Ու սրտովը այնպէս չի խորհիր.
Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ
Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ։
8Վասն զի կ’ըսէ.
«Միթէ իմ իշխաններս ամէնքն ալ թագաւորներ չե՞ն.
9Քաղանէն Քարքամիսին պէս չէ՞.
Եմաթը Արփաթին պէս չէ՞.
Սամարիան Դամասկոսին պէս չէ՞։
10Իմ ձեռքս #10:10 Եբր., գտաւ կուռքերու թագաւորութիւններըտիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն,
Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին։
11Միթէ Սամարիային ու անոր կուռքերուն ըրածիս պէս,
Երուսաղէմին ու անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ»։
12Երբ Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու Երուսաղէմի մէջ իր գործը կատարէ,
Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը
Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի պատժեմ։
13Քանզի անիկա կ’ըսէ.
«Ես իմ ձեռքիս ուժովը
Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա,
Որովհետեւ ես խելացի եմ։
Ազգերուն սահմանները վերցուցի
Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի
Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի։
14Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ
Եւ բոլոր երկիրը հաւաքեցի,
Ինչպէս մէկը կը հաւաքէ թողուած հաւկիթները
Եւ շարժող կամ բերան բացող
Կամ ճիչ հանող մը չեղաւ»։
15Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ.
Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ։
Ասիկա այսպէս է՝ որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր
Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ։
16Անոր համար Տէրը զօրքերու Տէրը
Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ
Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ
Բոցավառ հրդեհի պէս։
17Իսրայէլի Լոյսը՝ կրակ
Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ։
Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը
Այրելով պիտի սպառէ
18Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը,
Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ
Եւ ան #10:18 Կամ, դրօշակիրի մարելունմարող հիւանդի՝ ՝ պէս պիտի ըլլայ։
19Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան,
Այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել։
ՈՄԱՆՔ ԵՏ ՊԻՏԻ ԳԱՆ
20Այն օրը, Իսրայէլին մնացորդը
Ու Յակոբին տանը ազատուածները,
Անգամ մըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին.
Հապա ճշմարտութեամբ՝ Տէրոջը՝ Իսրայէլի Սուրբին պիտի ապաւինին։
21Մնացորդը՝ Յակոբին մնացորդը,
Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ։
22Վասն զի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ,
Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ։
Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի։
23Քանզի զօրքերուն Տէր Եհովան՝ բոլոր երկրին մէջ
Նախասահմանեալ աւերումը պիտի գործադրէ։
ՏԷՐԸ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
24Անոր համար զօրքերուն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Ո՛վ Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդ,
Ասորեստանցիէն մի՛ վախնար։
Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ
Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ #10:24 Կամ, Եգիպտոսի ճամբուն մէջԵգիպտացիներուն նման՝ ՝։
25Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադրի
Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ։
26Զօրքերուն Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ,
Օրէբի վէմին քով Մադիամի հարուածին պէս։
Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ,
Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ։
27Այն օրը անոր բեռը քու կռնակէդ
Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ
Եւ լուծը #10:27 Կամ, օծմանգիրութեան պատճառով պիտի կոտրի»։
ԱՍՊԱՏԱԿՈՂԸ ԿԸ ՅԱՐՁԱԿԻ
28Անգէն քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ
Ու իր կահ կարասիները Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։
29Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջեւան ըրին։
Ռաման վախցաւ, Սաւուղին Գաբաան փախաւ։
30Ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր,
Լայիսին լսել տուր, #10:30 Կամ, պատասխան տուր, ո՛վ Անաթովթո՛վ խեղճ Անաթովթ՝ ՝։
31Մադմենան հեռացաւ,
Գեբեմին բնակիչները փախան։
32Տակաւին այսօր Նոբին մէջ պիտի կենայ,
Դէպի Սիօնին աղջկան լեռը, Երուսաղէմին բլուրը,
Ձեռքը պիտի շարժէ։
33Ահա զօրքերու Տէր՝ Եհովան
Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ
Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին
Ու բարձրերը պիտի ցածնան։
34Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ
Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.