YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 12

12
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
1Այն օրը պիտի ըսես.
«Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ,
Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝
Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձուցիր
Եւ զիս մխիթարեցիր։
2Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։
Ես անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ,
Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է
Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։
3Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք
Փրկութեան աղբիւրներէն.
4Ու այն օրը պիտի ըսէք.
«Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք,
Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք,
Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։
5Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք,
Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։
Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։
6Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,
Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 12: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in