ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1
1
1Ամբակում մարգարէին յայտնուած պատգամը։
ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
2Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես
Եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։
3Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես
Եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։
Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ
Եւ դատ ու վէճ հանող կայ։
4Անոր համար օրէնքը կը խափանուի
Ու իրաւունքը չի գործադրուիր,
Քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ,
Այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
5Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք
Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք,
Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ,
Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք։
6Քանզի ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները,
Այն դառն ու արագընթաց ազգը,
Որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար՝
Ամբողջ երկիրը կը պտըտի։
7Անիկա սոսկալի եւ ահարկու է,
Անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը իրեն կը պատկանին։
8Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են
Ու գայլերէն աւելի կատաղի։
Անոր ձիաւորները պիտի ցատկեն,
Անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան,
Կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։
9Անոնք զրկանքի համար պիտի գան,
Գունդերուն երեսները դէպի #1:9 Կամ, արեւելքյառաջ պիտի ըլլան
Ու աւազի պէս գերիներ պիտի հաւաքեն։
10Անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ,
Իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան։
Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ,
Վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ։
11Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ
Եւ իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ։
ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
12Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։
Պիտի չմեռնինք։
Ո՜վ Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր։
Ո՜վ Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր։
13Դո՛ւն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են
Ու անիրաւութեան նայելու կարող չեն,
Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս,
Երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես։
14Մարդը ծովու ձուկերու պէս կ’ընես,
Սողուններու պէս՝ որոնք իրենց վրայ տիրող չունին։
15Անոնց ամէնքը կարթով կը հանէ։
Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ։
Զանոնք իր ցանցովը կը հաւաքէ,
Անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ։
16Անոր համար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ
Ու իր ցանցին խունկ կը ծխէ,
Վասն զի անոնցմով իր բաժինը՝ գէր
Ու իր կերակուրը պարարտ կ’ըլլայ։
17Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞
Ու ազգերը կոտորելէն պիտի չդադարի՞։
Currently Selected:
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.