1
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:5
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ, Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք։
Compare
Explore ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:5
2
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:2
Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես Եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։
Explore ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:2
3
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:3
Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես Եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ Եւ դատ ու վէճ հանող կայ։
Explore ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:3
4
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:4
Անոր համար օրէնքը կը խափանուի Ու իրաւունքը չի գործադրուիր, Քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ, Այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ։
Explore ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 1:4