ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 2
2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՄԲԱԿՈՒՄԻՆ
1Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ
Ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։
Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի
Եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս համար ի՛նչ պատասխան պիտի տամ։
2Տէրը ինծի պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
«Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ,
Որպէս զի զանիկա կարդացողը #2:2 Եբր., վազէհամարձակ կարդայ՝ ՝։
3Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է,
Բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ.
Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ,
Քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։
4Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ,
Բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի։
ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ
5Գինին կը կատղեցնէ,
Հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար,
Քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ
Ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար։
Հապա բոլոր ազգերը իրեն կը հաւաքէ
Ու բոլոր ժողովուրդները իր քով կը գումարէ։
6Միթէ անոնք բոլորը ծաղրանքի առարկայ պիտի չըլլա՞ն
Ու անոր համար ծաղրական խօսքեր պիտի չըսե՞ն։
«Վա՜յ անոր, որ իրենը չեղածը կը շատցնէ
(Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ)
Ու իր վրայ #2:6 Կամ, թանձր ցեխգրաւներ կը բեռցնէ»։
7Միթէ յանկարծ քեզ խածնողներ պիտի չելլե՞ն,
Քեզի նեղութիւն տուողներ պիտի չարթննա՞ն,
Դուն անոնց աւար պիտի չըլլա՞ս։
8Որովհետեւ դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր,
Քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն՝
Մարդոց արիւններուն
Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։
9Վա՜յ անոր, որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի,
Որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ,
Չարին ձեռքէն ազատելու համար։
10Շատ ժողովուրդներ կոտորելով
Քու տանդ վրայ անարգանք #2:10 Եբր., խորհեցարբերիր
Եւ քու հոգիիդ դէմ մեղք գործեցիր։
11Քանզի քարը պատէն պիտի աղաղակէ
Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պատասխան պիտի տայ անոր։
12Վա՜յ անոր, որ արիւններով քաղաք կը շինէ
Ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ։
13Ահա ասիկա զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞,
Որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին
Ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին։
14Քանզի երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի,
Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
15Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես,
Եւ #2:15 Եբր., տաքութիւնդարբեցուցիչ ըմպելին՝ ՝ առատ կը բաշխես,
Որ ուրիշներն ալ գինովցնես,
Որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես։
16Փառքէն աւելի ամօթով կշտացար,
Դուն ալ խմէ՛ ու մերկացի՛ր։
Տէրոջը աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի դառնայ
Եւ քու փառքիդ վրայ անարգանք պիտի գայ։
17Քանզի Լիբանանի զրկանքը քեզ պիտի ծածկէ։
Գազաններուն յափշտակութիւնը պիտի վախցնէ՝
Մարդոց արիւններուն
Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։
18Ի՞նչ օգուտ ունի արհեստագէտին քանդակած կուռքը,
Ձուլածոյ կուռքը եւ ստութիւն սորվեցնողը,
Որ շինողը իր շինած բանին ապաւինի,
Երբ համր կուռքեր կը շինէ։
19Վա՜յ անոր, որ փայտին կ’ըսէ՝ ‘Արթնցի՛ր’
Եւ համր քարին՝ ‘Ելի՛ր’.
Միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞.
Ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատուած է
Եւ անոր մէջ ամենեւին հոգի չկայ։
20Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.
Անոր երեսին առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ երկիր։
Currently Selected:
ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.