YouVersion Logo
Search Icon

ՆԱՒՈՒՄԱՅ 3

3
1Վա՜յ արիւններու քաղաքին
Որ բոլորովին ստութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է։
Հոն որսը պակաս չէ։
2 Ահա խարազանին ձայնը,
Անիւին շարժման ձայնը,
Սրընթաց ձիուն ու ցնցուող կառքին շաչիւնը։
3Ձիաւորը կը վերցնէ #3:3 Եբր., սուրին բոցն ու նիզակին փայլակըփայլուն սուրը ու շողշողուն նիզակը՝ ՝
Եւ շատ վիրաւորներ ու խիստ շատ մեռելներ կ’ըլլան։
Դիակները անթիւ են, անոնք դիակներուն վրայ կը գլորին
4Պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեանը համար,
Որ խիստ շնորհալի ու կախարդութիւններու տէր ըլլալով՝
Իր պոռնկութիւններովը՝ ազգեր
Եւ իր կախարդութիւններովը ազգատոհմեր կը ծախէր։
5«Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
Քու երեսիդ դէմ քու քղանցքդ պիտի բանամ,
Քու մերկութիւնդ՝ ազգերուն,
Քու անարգանքդ թագաւորներուն պիտի ցուցնեմ։
6Քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ,
Քեզ խայտառակ պիտի ընեմ,
Քեզ իբր օրինակ պիտի դնեմ»։
7Ամէն քեզ տեսնող
Քեզմէ պիտի փախչի ու պիտի ըսէ.
‘Նինուէն աւերակ եղաւ,
Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ’։
Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչ փնտռեմ։
8Միթէ դուն Նով-Ամոնէն աղէ՞կ ես,
Որ գետերուն քով կը բնակէր
Ու ջուրերով շրջապատուած էր,
Ծովը անոր խրամն էր,
Ջուրը անոր պարիսպն էր։
9Անոր զօրութիւնը՝ Եթովպիա ու Եգիպտոս էին
Ու ծայր չունէր։
Փուդացիներն ու Լիբէացիները քեզի օգնական էին։
10Անիկա ալ աքսորուեցաւ ու գերութեան գնաց,
Անոր տղաքներն անգամ ամէն ճամբու գլուխ գետինը զարնուեցան,
Անոր պատուական մարդոց վրայ վիճակ ձգեցին։
Անոր բոլոր մեծամեծները շղթաներով կապուեցան։
11Դուն ալ պիտի գինովնաս ու անյայտ ըլլաս,
Դուն ալ թշնամիէն պահուելու տեղ պիտի փնտռես։
12Քու բոլոր բերդերդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան,
Որոնք երբ թօթուեն, ուտողին բերանը կ’իյնան։
13Ահա քու ժողովուրդդ քու մէջդ կիներու պէս պիտի ըլլան,
Քու երկրիդ դռները անշուշտ քու թշնամիներուդ առջեւ պիտի բացուին,
Կրակը պիտի ուտէ քու նիգերդ։
14Պաշարումի համար քեզի ջուրեր քաշէ՛,
Բերդերդ ամրացո՛ւր.
Ցեխի մէջ մտի՛ր ու կաւը կոխէ՛
Եւ աղիւսին փուռը նորոգէ՛։
15Հոն կրակը քեզ պիտի ուտէ,
Սուրը քեզ պիտի կտրտէ,
Ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ, ուստի
Քեզ ջորեակի պէս շատցուր,
Քեզ մարախի պէս շատցուր։
16Քու վաճառականներդ երկնքի աստղերէն աւելի շատցուցիր.
Ջորեակը տարածեց իր թեւերը, ետքը թռաւ։
17Քու թագակիրներդ մարախի պէս,
Զօրավարներդ անթիւ մարախներու պէս են,
Որոնք ցուրտ օրը ցանկերու վրայ կը հանգչին.
Երբ արեւը ծագի՝ կը չուեն
Ու անոնց ո՛ւր ըլլալը չի գիտցուիր։
18Քու հովիւներդ կը քնանան, ո՛վ Ասորեստանի թագաւոր,
Քու ազնուականներդ կը պառկին,
Քու ժողովուրդդ լեռներու վրայ ցրուեցան
Ու մէկը չկայ որ զանոնք հաւաքէ։
19Քու կոտրուածքիդ ճար չկայ,
Քու վէրքդ անդարմանելի է.
Ամէն անոնք որ քու լուրդ կը լսեն՝ քեզի համար ծափ կը զարնեն,
Քանզի քու չարութիւնդ որո՞ւ վրայ եկած չէ։

Currently Selected:

ՆԱՒՈՒՄԱՅ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in