ԵԶԵԿԻԷԼԻ 9
9
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ
1Ապա մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ. «Քաղաքին վրայ դահիճները մօտեցուցէ՛ք ու ամէն մէկը իր քանդող գործիքը իր ձեռքը թող առնէ։ 2Ահա դէպի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար։ Ամէն մէկուն քանդող գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան։ 3Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։ 4Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։ 5Իսկ միւսներուն ըսաւ. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք. 6Ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ Ուստի տանը առջեւ եղող ծեր մարդոցմէն սկսան 7Եւ անոնց ըսաւ. «Տունը ապականեցէ՛ք ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէ՛ք ու ելէ՛ք»։ Անոնք ելան ու քաղաքին մէջ շատեր զարկին։
8Երբ զանոնք զարկին ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակելով՝ ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես»։
9Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ եւ քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին. ‘Տէրը երկիրը թողուց ու մեզ չի տեսներ’։ 10Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։
11Ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ ու ըսաւ. «Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.