Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։