Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 8

8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԵՍԻԼՔԸ ԵԶԵԿԻԷԼԻՆ
(8:1–10:22)
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
1Վեցերորդ տարուան, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, ես իմ տանս մէջ կը նստէի եւ Յուդայի ծերերը իմ առջեւս կը նստէին ու հոն Տէր Եհովային ձեռքը իմ վրաս ինկաւ։ 2Նայեցայ ու ահա մարդու կերպարանք մը կար կրակի երեւոյթով։ Անոր մէջքէն վար կրակ էր ու անոր մէջքէն վեր ոսկեպղինձի նման փայլուն երեւոյթ մը կար։ 3Անիկա ձեռքի նմանութիւն մը երկնցուց ու իմ գլխուս մազերէն բռնեց ու Հոգին զիս երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուց եւ զիս Աստուծոյ տեսիլքով Երուսաղէմ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրանը մուտքը տարաւ, ուր նախանձի կուռքը կը կենար։ 4Ահա հոն, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս պէս Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը հո՛ն էր։
5Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա քու աչքերդ դէպի հիւսիս վերցուր»։ Երբ աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, ահա սեղանին դրանը մուտքին հիւսիսային կողմը այս Նախանձի կուռքը տեսայ։ 6Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս այն մեծ պղծութիւնները, որոնք Իսրայէլի տունը հոս կ’ընէ, որպէս զի ես իմ սրբարանէս հեռանամ։ Բայց նորէն դարձիր ու աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։
7Զիս գաւիթին դուռը տարաւ ու տեսայ որ պատին վրայ ծակ մը կար։ 8Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա այս պատը փորէ՛»։ Երբ պատը փորեցի, դուռ մը տեսայ։ 9Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն չար պղծութիւնները, որոնք անոնք հոս կ’ընեն»։ 10Ես մտայ ու տեսայ ամէն տեսակ սողուններու ու գարշելի անասուններու պատկերներ եւ Իսրայէլի տանը բոլոր կուռքերը պատին վրայ շուրջանակի փորուած էին։ 11Անոնց առջեւ կայնած էին Իսրայէլի տանը ծերերէն եօթանասուն մարդ։ Եւ Սափանի որդին Յեզոնիան ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Ամէն մէկը ձեռքը բուրվառ մը ունէր ու խունկին ծուխը ամպի պէս վեր կ’ելլէր։ 12Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչէ՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’»։ 13Ինծի ըսաւ. «Նորէն դարձիր եւ անոնց ըրած աւելի մեծ պղծութիւնները պիտի տեսնես»։
14Զիս Տէրոջը տանը դէպի հիւսիս նայող դրանը մուտքը տարաւ, ուր Թամուզի համար լացող կիներ կը նստէին։ 15Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս. նորէն դարձիր ու ասոնցմէ աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։
16Զիս Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք կռնակնին Տէրոջը տաճարին դարձուցեր էին ու երեսնին դէպի արեւելք ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։ 17Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին։ Ահա ճիւղը իրենց քթին կ’երկնցնեն։ 18Ու ես ալ սրտմտութեամբ պիտի վարուիմ անոնց հետ։ Աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Անոնք իմ ականջներուս մեծ ձայնով պիտի կանչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 8: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in