Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 10

10
ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՏԱՃԱՐԷՆ
1Տեսայ թէ քերովբէներուն գլխուն վերեւ՝ երկնքի հաստատութեան մէջ շափիւղայ քարէ շինուած գահի նմանող բան մը կ’երեւնար։ 2Կտաւէ զգեստ հագած մարդուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քրովբէներուն տակ եղող անիւներուն մէջտեղ մտի՛ր եւ ձեռքերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով լեցո՛ւր ու քաղաքին վրայ ցանէ՛»։ Անիկա իմ աչքերուս առջեւ՝ մտաւ։ 3Երբ այն մարդը մտաւ, քերովբէները տանը աջ կողմը կեցեր էին եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցեր էր։ 4Տէրոջը փառքը քերովբէներուն վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ տունը՝ ամպով ու գաւիթը Տէրոջը փառքին պայծառութիւնովը լեցուեցաւ։ 5Քերովբէներուն թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր՝ Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։ 6Երբ կտաւէ զգեստ հագած մարդուն հրամայեց ու ըսաւ թէ ‘Քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն կրակ առ’, անիկա գնաց անիւներուն քով կայնեցաւ։ 7Քերովբէներէն մէկը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակին երկնցուց ու առաւ եւ կտաւէ զգեստ հագնողին ձեռքը տուաւ։ 8Անիկա ալ առաւ ու ելաւ (Ու քերովբէներուն թեւերուն տակ մարդու ձեռքի նման բան մը կ’երեւնար)։
9Եւ տեսայ թէ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, ամէն մէկ քերովբէին քով մէկ անիւ։ Անիւները ոսկեքարի կը նմանէին։ 10Անոնց չորսին երեւոյթն ալ նոյնն էին, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ անցած ըլլար։ 11Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, վասն զի ո՛ր կողմը որ գլուխը կը նայէր, անոր ետեւէն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։ 12Անոնց մարմինը, կռնակներն ու ձեռքերն ու թեւերը եւ անիւները, այսինքն այն չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։ 13Անիւներուն համար լսեցի որ անոնց անուն դրուեցաւ «#10:13 Կամ, Դիւրաթաւալ, Եբր., ԳաղգաղՄրրիկ» 14Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր։ Առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։ 15Ու քերովբէները բարձրացան։ Քոբար գետին քով տեսնուած կենդանիները ասոնք էին 16Ու երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային ու երբ քերովբէները երկրէն բարձրանալու համար թեւերնին կը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին զատուիր։ 17Երբ անոնք կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին, երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. վասն զի անոնց մէջ կենդանիներուն ոգին կար։
18Տէրոջը փառքը տանը սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կայնեցաւ։ 19Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները ելլելով՝ թեւերնին վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. անիւներն ալ անոնց հետ ու Տէրոջը տանը արեւելեան դրանը մուտքը կայնեցան ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր։ 20Քոբար գետին քով Իսրայէլի Աստուծոյն տակ տեսնուած կենդանիները ասոնք էին ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։ 21Ամէն մէկը չորս երես ու ամէն մէկը չորս թեւ ունէր եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւնը կար։ 22Ու անոնց երեսներուն երեւոյթը այն երեսներուն կը նմանէր, որոնք Քոբար գետին քով տեսայ, թէ՛ անոնց կերպարանքը եւ թէ՛ իրենք։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 10: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in