Bible App logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18

18
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Ի՞նչ իմաստ ունի այն առածը, որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ ըսիք՝ ‘Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին’։ 3Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի մէջ այս առածը անգամ մըն ալ պիտի չըսէք։ 4Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդիին հոգին իմս է։ Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ 5Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, 6Լեռներու վրայ չուտէ ու աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ ու իր դրացիին կինը չպղծէ եւ իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ չմօտենայ 7Ու մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ ու պարտականին գրաւը ետ տայ, բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ եւ իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, 8Ստակը վաշխով չտայ ու տոկոս չառնէ, իր ձեռքը անօրէնութենէ ետ պահէ, երկու մարդու մէջ ուղիղ դատաստան տեսնէ, 9Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
10«Բայց եթէ անիկա անիրաւ ու արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց պէս բան մը չընէ, 11Այսինքն՝ եթէ անիկա այն ամէն աղէկ բաները չընէ, հապա լեռներու վրայ ուտէ ու իր դրացիին կինը պղծէ, 12Աղքատին ու տնանկին զրկանք ընէ, բռնութեամբ բան մը յափշտակէ, գրաւը ետ չտայ ու իր աչքերը կուռքերուն վերցնելով՝ պղծութիւն գործէ, 13Վաշխով ստակ տայ ու տոկոս առնէ. անիկա պիտի ապրի՞։ Ո՛չ, պիտի չապրի. անիկա այս բոլոր գարշութիւնները ընելուն համար՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ»։
14«Եթէ անիկա որդի ծնանի ու անիկա իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ վախնայ ու անոնց պէս չընէ, 15Լեռներու վրայ չուտէ ու իր աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, իր դրացիին կինը չպղծէ 16Եւ մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, գրաւը չպահէ ու բռնութեամբ բան մը չյափաշտակէ, իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, 17Աղքատին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ ու տոկոս չառնէ, իմ դատաստաններս գործադրէ ու իմ օրէնքներուս մէջ քալէ. անիկա իր հօրը անօրէնութեանը համար պիտի չմեռնի, անիկա անշո՛ւշտ պիտի ապրի։ 18Բայց անոր հայրը, քանի որ զրկանք ըրաւ ու իր եղբօրմէն բռնութեամբ բան մը յափշտակեց եւ աղէկ չեղածը ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի»։
19«Դուք կ’ըսէք թէ ‘Ինչո՞ւ համար որդին իր հօրը անօրէնութիւնը չի կրեր’։ Որովհետեւ որդին իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ եւ իմ բոլոր օրէնքներս պահեց ու զանոնք գործադրեց, անշուշտ պիտի ապրի։ 20Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։ 21Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ 22Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի։ 23Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ 24Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞։ Անոր ըրած արդար գործերէն մէկը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի»։
25«Դուք կ’ըսէք թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Հիմա մտիկ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։ 26Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ եւ անոր մէջ մեռնի, անիկա իր ըրած անօրէնութեանը համար կը մեռնի։ 27Երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ։ 28Որովհետեւ անիկա արթնցաւ ու իր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի»։
29«Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն։ Չէ՞ որ ձեր ճամբաները ուղիղ չեն։ 30Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի տուն, ձեզմէ ամէն մէկը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձի եկէ՛ք ու ձեր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձէ՛ք, որպէս զի անօրէնութիւնը #18:30 Եբր., ձեզի խոչընդոտձեր կորուստին պատճառ՝ ՝ չըլլայ։ 31Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէ՛ք եւ ձեզի նոր սիրտ ու նոր հոգի #18:31 Եբր., ըրէքստացէք։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ 32Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in