ԵԶԵԿԻԷԼԻ 19
19
ՏՐՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Եւ դո՛ւն, Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբա՛ 2Ու ըսէ՛.
«Քու մայրդ մատակ առիւծ մըն է,
Որ առիւծներու մէջ կը պառկի
Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ։
3Անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց,
Որը առոյգ առիւծ եղաւ
Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։
4Անոր դէմ ազգերը ահազանգ հնչեցուցին։
Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։
Զանիկա կարթերով Եգիպտոս տարին։
5Երբ մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղ սպասեր է եւ ի զուր յուսացած է,
Իր կորիւններէն ուրիշ մը առաւ
Ու զանիկա առոյգ առիւծ մը ըրաւ։
6Անիկա առիւծներու մէջ պտըտող առոյգ առիւծ մը եղաւ,
Յափշտակել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։
7Անոնց ամրոցները աւերեց,
Անոնց քաղաքները կործանեց։
Անոր մռնչիւնէն
Երկիրը ամբողջութեամբ սարսափեցաւ։
8Շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան,
Անոր դէմ իրենց ցանցը լարեցին։
Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։
9Զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին,
Զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին,
Զանիկա բերդը դրին,
Որպէս զի անոր ձայնը անգամ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։
10Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է,
Որ շատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։
11Անիկա զօրաւոր ճիւղեր ունեցաւ իշխաններու գաւազաններու համար։
Իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ,
Իր բարձրութիւնովն ու բարունակներուն շատութիւնովը երեւցաւ։
12Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ
Եւ արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց։
Անոր զօրաւոր ճիւղերը կոտրեցան ու չորցան
Եւ զանոնք կրակը կերաւ։
13Հիմա անապատի մէջ
Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ։
14Անոր ոստերուն մէկ կօթունէն կրակ ելաւ,
Անոր պտուղը կերաւ։
Անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր ճիւղ չմնաց։
Ասիկա ողբալի պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 19: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.