ԵԶԵԿԻԷԼԻ 17
17
ԱՐԾԻՒԻՆ ԵՒ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ԱՌԱԿԸ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը հանելուկ մը առաջարկէ ու առակ մը պատմէ 3Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեծ արծիւ մը՝ մեծ թեւերով, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով լեցուն՝ Լիբանան եկաւ ու եղեւինին ամենաբարձր ճիւղը առաւ։ 4Անոր ընձիւղներուն ծայրը փրցուց եւ զանիկա վաճառականի երկիր մը տարաւ ու զանիկա վաճառականներու քաղաքը դրաւ։ 5Այն երկրին հունտէն ալ առաւ ու զանիկա բարեբեր արտի մը մէջ դրաւ. զանիկա շատ ջուրերու քով տարաւ, ուռիի պէս դրաւ։ 6Եւ անիկա աճեցաւ ու տարածուած՝ կարճահասակ որթատունկ մը եղաւ. այնպէս որ անոր ոստերը դէպի վեր արծիւին կը նայէին ու արմատները գետնին մէջ մնացին ու անիկա մեծ որթատունկ մը եղաւ, ոստեր ու ընձիւղներ արձակեց։
7«Հոն ուրիշ մեծաթեւ ու բազմափետուր արծիւ մըն ալ կար։ Որթատունկը իր արմատները դէպի երկրորդը ծռեց ու ոստերը անոր երկնցուց, որպէս զի իր տնկած ածուներովը զինք ոռոգէ։ 8Անիկա բարեբեր արտի մէջ ջուրերու քով տնկուեցաւ, որպէս զի ոստեր արձակէ եւ պտուղ բերէ ու ազնիւ որթատունկ ըլլայ։
9Ըսէ՛ անոր, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդեօք անիկա պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ այն առաջին արծիւը անոր արմատները պիտի չխլէ՞ ու անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որպէս զի չորցնէ։ Անոր բոլոր բուսած տերեւները պիտի չորնան եւ առանց մեծ բազուկի ու շատ ժողովուրդի զանիկա արմատէն պիտի խլէ։ 10Ահա թէեւ տնկուեցաւ, միթէ պիտի յաջողի՞. չէ՞ որ արեւելեան հովը անոր դպածին պէս բոլորովին պիտի չորնայ։ Անիկա իր բուսած ածուներուն մէջ պիտի չորնայ’»։
ԱՌԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻ
11Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 12«Հիմա ապստամբներուն տանը ըսէ. ‘Ասոնց ինչ ըլլալը չէ՞ք գիտեր’. ըսէ թէ ‘Ահա Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ, անոր թագաւորն ու իշխանները առաւ ու զանոնք իր քով Բաբելոն տարաւ 13Թագաւորին սերունդէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ ըրաւ ու անոր երդում ընել տուաւ։ Նաեւ երկրին զօրաւորները առաւ, 14Որպէս զի թագաւորութիւնը ցած ըլլայ ու չկրնայ զինք բարձրացնել եւ իր ուխտը պահելով՝ անոր վրայ հաստատ կենայ’։ 15Բայց անիկա անոր դէմ ապստամբեցաւ ու Եգիպտոս դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի իրեն ձիեր ու զօրքեր տան։ Միթէ անիկա յաջողութիւն պիտի գտնէ՞։ Այս բաները ընողը պիտի ազատի՞ կամ թէ ուխտը աւրելով պիտի ազատի՞։ 16Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ անիկա անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, անոր ուխտը աւրեր էր, ան Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։ 17Փարաւոն մեծ զօրքով ու շատ բազմութիւնով պատերազմի մէջ անոր համար բա՛ն մը պիտի չընէ, երբ պատնէշներ կանգնեցնեն ու մարտկոցներ շինեն շատ հոգիներ կոտորելու համար։ 18Վասն զի անիկա երդումը անարգեց եւ ուխտը աւրեց։ Ահա անիկա իր ձեռքը տալէն ետքը՝ այս ամէն բաները ընելուն համար պիտի չազատի։
19Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ անշուշտ անոր գլուխը պիտի դարձնեմ իմ երդումս, որ անիկա անարգեց ու իմ ուխտս, որ աւրեց. 20Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն պիտի տանիմ, ուր անոր հետ դատ պիտի վարեմ, ինծի դէմ ըրած յանցանքին համար։ 21Անոր բոլոր փախստականները եւ բոլոր զօրքերը սուրով պիտի իյնան, անոր մնացորդները ամէն հովերու պիտի ցրուին։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
22Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ես ալ բարձր եղեւինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ ու բարձր ու վերացած լերան մը վրայ պիտի տնկեմ. 23Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։ 24Դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան՝ թէ ես՝ Տէրս՝ բարձր ծառը ցածցուցի ու ցած ծառը բարձրացուցի։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 17: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.