1
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:32
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք»։
Compare
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:32
2
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:20
Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:20
3
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:31
Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէ՛ք եւ ձեզի նոր սիրտ ու նոր հոգի ստացէք։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:31
4
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:23
Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:23
5
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:21
Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:21
6
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:9
Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Explore ԵԶԵԿԻԷԼԻ 18:9