ԵԶԵԿԻԷԼԻ 16
16
ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Որդի՛ մարդոյ, Երուսաղէմին գիտցո՛ւր իր պղծութիւնները
3Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Երուսաղէմին.
‘Քու սկիզբդ ու ծնունդդ Քանանացիներու երկրէն էր,
Քու հայրդ Ամօրհացի ու մայրդ Քետացի էր։
4Քու ծնունդդ այսպէս էր։
Քու ծնած օրդ պորտդ չկտրուեցաւ
Ու մաքրուելու համար ջուրով չլուացուեցար
Եւ աղով չաղուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։
5Աչք մը քեզի չխնայեց, որ քեզի ողորմի
Ու այս բաներէն ոեւէ մէկը քեզի ընէ։
Բայց ծննդեան օրդ
Քու անձիդ գարշութիւնովը դաշտի երեսին վրայ նետուեցար’»։
6«Երբ ես քու քովէդ անցայ,
Քեզ արիւնիդ մէջ թաղուած տեսայ։
Ու երբ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի.
Թէեւ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի
7Եւ դաշտի բոյսերուն պէս աճեցուցի։
Դուն շատցար ու մեծցար,
Կատարեալ գեղեցկութեան հասար։
Ստինքներդ գոյացան ու մազերդ աճեցան,
Բայց դուն մերկ ու անծածկոյթ էիր։
8«Քու քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ,
Ահա սիրոյ տարիքին մէջ էիր։
Ես իմ քղանցքս քու վրադ տարածեցի
Եւ քու մերկութիւնդ ծածկեցի։
Երդում ընելով՝
Քեզի հետ ուխտ ըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան
Ու դուն իմս եղար։
9Ապա քեզ ջուրով լուացի,
Քու վրայէդ քու արիւնդ մաքրեցի,
Քեզ իւղով օծեցի։
10Քեզի ասեղնագործուած հանդերձ հագցուցի
Ու քեզի թէհաշի մորթէ շինուած մուճակներ հագցուցի։
Քու մէջքդ բեհեզէ գօտի կապեցի
Ու քեզ մետաքսներով ծածկեցի։
11Քեզ զարդերով զարդարեցի,
Ձեռքերուդ վրայ ապարանջաններ դրի
Եւ պարանոցէդ մանեակ կախեցի։
12Քու քթիդ՝ օղակ,
Ականջներուդ՝ գինտեր,
Գլխուդ պարծանքի պսակ դրի։
13Դուն ոսկիով ու արծաթով զարդարուեցար
Ու քու հանդերձներդ բեհեզ, մետաքս ու ասեղնագործուած էին։
Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար,
Խիստ շատ գեղեցկացար
Ու թագաւորութեան հասար։
14Քու գեղեցկութեանդ համար քու անունդ ազգերուն մէջ տարածուեցաւ,
Վասն զի կատարեալ եղար այն վայելչութեամբ,
Որ քեզի շնորհած էի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
15«Բայց դուն քու անուանդ պատճառով
Եւ քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով՝ շնութիւն ըրիր։
Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցնողի առջեւ թափեցիր եւ ինքզինքդ անոր յանձնեցիր։
16Քու հանդերձներէդ առիր,
Քեզի գոյնզգոյն զարդերով բարձր տեղեր շինեցիր,
Անոնց վրայ շնութիւն ըրիր,
Որոնց նմանը չեղաւ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
17Իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէս
Քու թանկագին զարդերդ առիր,
Քեզի այր մարդու պատկերներ շինեցիր
Եւ անոնցմով պոռնկացար։
18Քու ասեղնագործ հանդերձներդ առնելով՝
Զանոնք ծածկեցիր
Ու իմ իւղս ու խունկս անոնց առջեւ դրիր։
19Քեզի տուած հացս,
Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալ
Անոնց առջեւ դրիր անոյշ հոտի համար»,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
20«Ինծի համար ծնած տղաքներդ ու աղջիկներդ առիր,
Զանոնք կերակուրի համար զոհ ըրիր անոնց։
21Այս քու պոռնկութիւնդ քի՞չ բան է,
Որ իմ տղաքներս մորթեցիր,
Զանոնք անոնց տուիր՝ կրակէ անցընելով։
22Քու բոլոր պղծութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջ
Քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,
Երբ մերկ ու անծածկոյթ
Եւ քու արեանդ մէջ թաղուած էիր։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆ
23«Այս բոլոր չարութիւններէդ ետքը
(Վա՜յ քեզի, վա՜յ քեզի, կ’ըսէ Տէր Եհովան),
24Դուն քեզի հանրատուն ալ շինեցիր,
Ամէն հրապարակի մէջ քեզի բարձր տեղ շինեցիր։
25Ամէն ճամբու գլուխ քեզի բարձր տեղեր շինեցիր,
Քու գեղեցկութիւնդ զզուելի ըրիր,
Ամէն անցնողի քու ոտքերդ բացիր,
Քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։
26Եւ քու հեշտասէր սահմանակիցներուդ՝
Եգիպտոսի որդիներուն՝ հետ պոռնկութիւն ըրիր
Ու զիս սրդողցնելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։
27Ուստի իմ ձեռքս քու վրադ երկնցուցի,
Քու ռոճիկդ պակսեցուցի,
Քեզ քու թշնամիներուդ, Փղշտացիներուն կամքին յանձնեցի,
Որոնք քու անհամեստ վարմունքէդ ամչցան։
28Դուն չկշտանալով՝ Ասորեստանի որդիներուն հետ ալ պոռնկութիւն ըրիր,
Սակայն նորէն չկշտացար։
29Քանանացիներու երկրէն մինչեւ Քաղդէացիներու երկիրը
Քու պոռնկութիւնդ շատցուցիր,
Բայց ասով ալ չկշտացար։
30«Քու սիրտդ որչա՜փ տկար է, կ’ըսէ Տէր Եհովան,
Որ այս ամէն բաները ըրիր,
Անամօթ, պոռնիկ կնոջ պէս։
31Ամէն ճամբու գլուխ հանրատուն շինեցիր,
Քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր։
Վարձքը անարգելով՝ պոռնիկ կնոջ պէս չեղար,
32 Հապա այն շնութիւն ընող կնոջ պէս եղար,
Որ իր էրկանը տեղ օտարներ կ’առնէ։
33Բոլոր հանրակիներուն վարձք կու տան,
Բայց դուն բոլոր հոմանիներուդ քու վարձքերդ կու տաս։
Այո՛, կաշառք կու տաս անոնց, որպէս զի ամէն կողմէ քեզի գան
Քեզի հետ պոռնկութիւն ընելու համար։
34Քու պոռնկութիւններուդ մէջ կիներուն եղածին ներհակը կ’ըլլայ քեզի,
Վասն զի պոռնկութեան համար քու ետեւէդ եկող մարդ չկայ։
Քու վարձքդ տալով եւ ուրիշէն վարձք չառնելով՝
Դուն ուրիշներուն ներհակը եղար։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ
35«Ասոր համար, ո՛վ պոռնիկ, Տէրոջը խօսքը լսէ՛,
36Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Որովհետեւ քու նախատինքդ տարածուեցաւ,
Քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ
Քու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ,
Անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ,
37Անոր համար ահա ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ,
Որոնց դուն հաճոյ եղար,
Բոլոր անոնք, որ սիրեցիր ու բոլոր անոնք, որ ատեցիր.
Զանոնք ամէն կողմէ քու վրադ պիտի հաւաքեմ,
Քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ
Եւ անոնք քու մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։
38Քեզ պիտի դատեմ
Շնութիւն ընող եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանովը
Ու քեզի բարկութեամբ ու նախանձով արեան վճիռ պիտի տամ։
39Քեզ անոնց ձեռքը պիտի տամ,
Քու հանրատունդ պիտի փլցնեն,
Քու բարձր տեղերդ պիտի աւերեն.
Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն,
Քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն,
Քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն։
40Քու վրադ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանեն,
Քեզ պիտի քարկոծեն,
Իրենց սուրերովը պիտի խոցոտեն,
41Քու տուներդ կրակով պիտի այրեն,
Շատ կիներու առջեւ քու վրադ դատաստանական վճիռներ պիտի գործադրեն.
Քեզ պոռնկութիւն ընելէ պիտի դադրեցնեմ
Ու անգամ մըն ալ վարձք պիտի չտաս։
42Այսպէս պիտի դադրեցնեմ բարկութիւնս, որ քեզի դէմ է.
Իմ նախանձս քեզմէ պիտի վերնայ,
Պիտի հանդարտիմ ու ա՛լ պիտի չբարկանամ։
43Որովհետեւ դուն քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,
Հապա այս բոլոր բաներով զիս սրդողցուցիր,
Անոր համար ահա ես ալ քու գործերդ քու գլուխդ պիտի բերեմ,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Դուն քու բոլոր պղծութիւններուդ վրայ
Այս անառակութիւնը պիտի չաւելցնես։
ԻՆՉՊԷՍ ՄԱՅՐԸ՝ ՆՈՅՆՊԷՍ ԱՂՋԻԿԸ
44«Ահա ամէն ով որ առակ կը գործածէ,
Քու վրադ ալ առակ պիտի շինէ՝ ըսելով.
‘Ինչպէս է մայրը, աղջիկն ալ այնպէս է’։
45Դուն քու մօրդ աղջիկն ես,
Որ իր ամուսինէն ու տղաքներէն զզուեցաւ
Եւ քու քոյրերուդ քոյրն ես,
Որոնք իրենց ամուսիններէն ու տղաքներէն զզուեցան։
Ձեր մայրը Քետացի ու ձեր հայրը Ամօրհացի է։
46Քու մեծ քոյրդ Սամարիան է,
Որ իր աղջիկներովը քու ձախ կողմդ կը բնակի։
Քեզմէ պզտիկ քոյրդ Սոդոմն է,
Որ իր աղջիկներովը քու աջ կողմդ կը բնակի։
47Դուն անոնց ճամբաներուն մէջ չքալեցիր,
Անոնց պղծութիւններուն պէս չըրիր.
Հապա որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու չնչին էր,
Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։
48Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան,
Որ քու քոյրդ Սոդոմը, ինք ու իր աղջիկները, այնպէս չըրին,
Ինչպէս դուն ու քու աղջիկներդ ըրիք։
49Ահա քու քրոջդ Սոդոմին անօրէնութիւնը այս էր։
Անիկա իր աղջիկներովը
Հպարտութիւն, հացի կշտութիւն ու անհոգ հանգստութիւն ունեցաւ,
Բայց աղքատին ու տնանկին չօգնեցին։
50Հպարտացան եւ իմ առջեւս պղծութիւն ըրին։
Զանոնք տեսածիս պէս մէկդի տարի։
51Սամարիան քու մեղքերուդ կէսին չափ մեղք չգործեց։
Դուն քու պղծութիւններդ անոնց պղծութիւններէն աւելի շատցուցիր։
Քու ըրած բոլոր պղծութիւններովդ
Քու քոյրերդ արդարացուցիր։
52Ու դուն, որ քու քոյրերդ դատապարտեցիր,
Քու անարգանքդ կրէ քու մեղքերուդ համար, քանի որ
Դուն անոնցմէ աւելի պղծութիւն ըրիր։
Անոնք քեզմէ արդար են,
Իսկ դուն՝ քոյրերդ արդարացնելուդ համար՝
Ամչցիր ու քու անարգանքդ կրէ։
ՍՈԴՈՄ ԵՒ ՍԱՄԱՐԻԱ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆ
53«Ու ես պիտի վերահաստատեմ անոնց գերութիւնը,
Սոդոմին ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը,
Սամարիային ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը.
Անոնց հետ քու գերութիւնդ ալ պիտի հաստատեմ,
54Որպէս զի քու անարգանքդ կրես
Ու ամէն ըրածէդ ամչնաս՝
Անոնց մխիթարութիւն ըլլալու համար։
55Քու քոյրերդ Սոդոմն ու անոր աղջիկները
Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան։
Սամարիան ու անոր աղջիկներն ալ
Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան
Եւ դուն ու քու աղջիկներդ ալ
Ձեր առաջուան վիճակին պիտի դառնաք։
56Վասն զի քու հպարտութեանդ օրը
Քու քրոջդ Սոդոմին մասին բան մը չըսիր,
57Քանի որ դեռ քու չարութիւնդ յայտնուած չէր,
Ինչպէս հիմա յայտնուեցաւ՝ երբ Ասորիներու աղջիկներուն առջեւ
Ու անոնց բոլորտիքը եղող բոլոր Փղշտացիներուն աղջիկներուն առջեւ մեղադրանքի առարկայ եղար։
Անոնք ամէն կողմէ քեզ նախատեցին։
58Քու անառակութիւններուդ եւ պղծութիւններուդ պատիժը
Դուն կրեցիր, կ’ըսէ Տէրը։
ՈՒԽՏ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է
59«Ահա Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
Քու ըրածիդ համեմատ պիտի ընեմ քեզի,
Քանի որ երդումը անարգեցիր եւ ուխտը աւրեցիր։
60Բայց ես քու մանկութեանդ օրերը քեզի հետ ըրած ուխտս պիտի յիշեմ,
Քեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի հաստատեմ.
61Այն ատեն դուն քու ճամբաներդ պիտի յիշես
Ու պիտի ամչնաս՝ երբ ընդունիս քեզմէ մեծ եւ քեզմէ պզտիկ քոյրերդ,
Երբ զանոնք քեզի աղջիկներու տեղ տամ,
Բայց ո՛չ թէ քու ուխտովդ,
62Հապա իմ ուխտս պիտի հաստատեմ
Եւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը.
63Որպէս զի յիշես ու ամչնաս
Եւ ամչնալուդ պատճառով այլեւս բերանդ չբանաս։
Այն ատեն ես ալ
Քու ըրած բոլոր գործերուդ համար
Քեզի քաւութիւն պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 16: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.