Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ես ալ բարձր եղեւինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ ու բարձր ու վերացած լերան մը վրայ պիտի տնկեմ. Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։