ԵԼԻՑ 9
9
Անասուններու մահը
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին գնա՛ ու ըսէ անոր. Եբրայեցիներու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. 2Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք, 3Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։ 4Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։ 5Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ 6Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ ու Եգիպտացիներու բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէկը չմեռաւ։ 7Փարաւոն մարդ ղրկեց ու տեսաւ թէ Իսրայէլի հօտերէն մէկն ալ մեռած չէ։ Փարաւոնին սիրտը աւելի խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։
Ուռեցքներ
8Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Առէ՛ք ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր։ Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնին առջեւ 9Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան»։ 10Անոնք հնոցի մոխիրը առին ու Փարաւոնին առջեւ կայնեցան եւ Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան։ 11Մոգերը ուռեցքներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսին առջեւ. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ ալ եղան։ 12Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը, ուստի անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին յայտներ էր։
Կարկուտ
13Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր, Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Եբրայեցիներուն Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. 14Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու #9:14 Եբր., սրտիդ վրայվրադ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ վրայ, որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ։ 15Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ 16Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։ 17Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։ 18Ահա վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա։ 19Հիմա մարդ ղրկէ՛ ու հաւաքէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ ու պիտի մեռնին»’»։ 20Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։ 21Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց։
22Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քու ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ»։ 23Մովսէս իր գաւազանը դէպի երկինք երկնցուց ու Տէրը որոտում եւ կարկուտ ղրկեց ու երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց։ 24Եւ կարկուտ ու կարկուտին հետ՝ խառն կրակ եկաւ։ Այնպէս սաստիկ էր, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ազգ ըլլալէն ի վեր անոր պէս եղած չէր։ 25Կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչեւ անասուն զարկաւ ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։ 26Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չտեղաց։
27Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է եւ ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք։ 28Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ Աստուծոյ #9:28 Եբր., ձայներըորոտումներն ու կարկուտը դադրին ու ձեզ պիտի արձակեմ եւ ա՛լ պիտի չկենաք»։ 29Մովսէս ըսաւ անոր. «Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։ 30Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։
31Քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր ու քթանը հասկ կապած։ 32Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին։
33Եւ Մովսէս Փարաւոնին քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ ու ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադարեցան ու երկրին վրայ անձրեւ չտեղաց։ 34Փարաւոն երբ անձրեւին ու կարկուտին եւ որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց ու սիրտը խստացուց, նոյնպէս եւ իր ծառաները։ 35Եւ այսպէս՝ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին իմացուցեր էր։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 9: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.