Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։ Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։