YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 8

8
Գորտեր
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին մտի՛ր ու ըսէ՛ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի պաշտեն զիս։ 2Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։ 3Գետը շատ գորտեր պիտի հանէ ու անոնք պիտի ելլեն ու քու տանդ եւ ննջարանիդ ու անկողնիդ եւ քու ծառաներուդ տուներուն եւ քու ժողովուրդիդ ու քու թոնիրներուդ եւ խմորի տաշտերուդ մէջ պիտի մտնեն։ 4Գորտերը քու վրադ եւ ժողովուրդիդ վրայ ու բոլոր ծառաներուդ վրայ պիտի ելլեն’»։
5Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին այսպէս ըսէ՛. ‘Առուներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ ձեռքդ երկնցուր քու գաւազանովդ ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանէ’»։ 6Եւ Ահարոն երկնցուց իր ձեռքը Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ եւ գորտեր ելան ու Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին։ 7Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանեցին։
8Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ ինծմէ ու իմ ժողովուրդէս վերցնէ գորտերը ու ժողովուրդը պիտի արձակեմ, որպէս զի Տէրոջը զոհ մատուցանեն»։ 9Մովսէս ըսաւ Փարաւոնին. «Ժամանակ մը որոշէ ինծի. ե՞րբ քեզի համար ու ծառաներուդ համար եւ ժողովուրդիդ համար աղաչեմ, որ քեզմէ ու քու տուներէդ գորտերը կորսուին ու միայն գետին մէջ մնան»։ 10Անիկա ըսաւ. «Վաղը»։ Մովսէս ըսաւ. «Քու խօսքիդ պէս ըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս մէկը չկայ։ 11Քեզմէ ու քու տուներէդ եւ քու ծառաներէդ ու քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի վերնան. միայն գետին մէջ պիտի մնան»։ 12Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քովէն ելան ու Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց այն գորտերուն համար, որոնք Փարաւոնին վրայ բերեր էր։ 13Եւ Տէրը Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ։ Տուներէն, բակերէն եւ արտերէն գորտերը մեռան։ 14Դէզ դէզ հաւաքեցին զանոնք ու երկիրը հոտեցաւ։ 15Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
Մուն
16Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Քու գաւազանդ երկնցուր ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ #8:16 Կամ, ոջիլմուն ըլլայ’»։ 17Այնպէս ըրին։ Ահարոն իր ձեռքը երկնցուց ու իր գաւազանով հողին զարկաւ եւ մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ մուն եկաւ։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ երկրին բոլոր հողը մուն եղաւ։ 18Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ 19Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
Շանաճանճ
20Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր ու Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛. (Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ.) եւ ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն, 21Եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ ու քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ։ Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալեն։ 22Բայց իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսեմի երկիրը պիտի զատեմ ու հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէս զի գիտնաս թէ երկրի մէջ ես եմ Տէրը։ 23Իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ միջեւ խտրութիւն պիտի դնեմ։ Վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ’»։ 24Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնին տանը եւ անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ ու շանաճանճին պատճառով երկիրը աւրուեցաւ։
25Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցանեցէք այս երկրին մէջ»։ 26Եւ Մովսէս ըսաւ. «Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացիներու գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։ 27Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց»։ 28Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Ես ձեզ թող կուտամ որպէս զի երթաք անապատին մէջ ձեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանէք, միայն թէ շատ հեռու չերթաք։ Ինծի համար աղաչեցէք»։ 29Մովսէս ըսաւ. «Ահա ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջը կ’աղաչեմ, որ վաղը Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն ու անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցնէ, բայց Փարաւոն ա՛լ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդին անգամ մըն ալ թոյլ չտալով, որ Տէրոջը զոհ մատուցանէ»։ 30Մովսէս Փարաւոնին քովէն ելաւ ու Տէրոջը աղաչեց։ 31Տէրը Մովսէսին խօսքին պէս ըրաւ ու Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցուց։ Հատ մըն ալ չմնաց։ 32Փարաւոն այս անգամ ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 8: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in