ԵԼԻՑ 10
10
Մարախներ
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց 2Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
3Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։ 4Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ, 5Որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն 6Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։
7Փարաւոնին ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ Եգիպտոս աւրուեցաւ»։ 8Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քով կանչուեցան եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց #10:8 Եբր., ո՞վ եւ ո՞վորո՞նք են գացողները»։ 9Մովսէս ըսաւ. Մեր մանուկներովն ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովն ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովն ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը»։ 10Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ։ Զգուշացէ՛ք, քանզի չարիք կայ ձեր առջեւ։ 11Ո՛չ, նախ՝ դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Փարաւոնին առջեւէն վռնտուեցան։
12Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներու համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն»։ 13Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Առտուն՝ արեւելեան հովը մարախներ բերաւ։ 14Մարախները Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան։ Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։ 15Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ ու երկրին բոլոր խոտը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ եւ արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց։
16Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։ 17Հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէ՛ք յանցանքս ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէ՛ք, որ իմ վրայէս միայն այս հարուածը վերցնէ»։ 18Անոնք Փարաւոնին քովէն դուրս ելան ու Տէրոջը աղաչեցին։ 19Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք։ Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց 20Բայց Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց։
Շօշափելի խաւար
21Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։ 22Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր. 23Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։
24Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։ 25Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։ 26Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։ 27Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը եւ ան մերժեց արձակել զանոնք։ 28Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։ 29Մովսէս ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, անգամ մըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 10: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.