ԵԼԻՑ 7
7
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ։ 2Դուն իրեն ըսէ՛ այն ամէնը, որ քեզի կը հրամայեմ եւ քու եղբայրդ Ահարոն թող ըսէ Փարաւոնին, որպէս զի Իսրայէլի որդիները իր երկրէն արձակէ։ 3Ես Փարաւոնին սիրտը պիտի խստացնեմ ու իմ նշաններս ու հրաշքներս Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի շատցնեմ։ 4Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ ու ես իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի վերցնեմ եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։ 5Երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկնցնեմ ու Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, այն ատեն պիտի գիտնան Եգիպտացիները, որ ես եմ Տէրը»։ 6Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին։ 7Մովսէս ութսուն տարեկան էր ու Ահարոն ութսունըերեք տարեկան էր, երբ Փարաւոնին հետ խօսեցան։
ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՔԱԼՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ
8Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ՝ 9‘Ձեզի համար հրաշք ցուցուցէք’, այն ատեն Ահարոնին ըսէ՝ ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու Փարաւոնին առջեւ նետէ՛’։ Անիկա վիշապ պիտի ըլլայ»։ 10Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ եւ վիշապ եղաւ։ 11Եւ Փարաւոն իր իմաստուններն ու կախարդները կանչեց։ Եգիպտոսի մոգերը՝ անոնք ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին։ 12Ամէն մէկը իր գաւազանը նետեց ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնին գաւազանը անոնց գաւազանները կլլեց։ 13Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։
ՏԱՍԸ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ
Արիւն
14Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին սիրտը խստացաւ, ժողովուրդը արձակել չուզեր։ 15Առտուն Փարաւոնին գնա՛։ Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ։ Դուն գետին եզերքը՝ անոր դէմ կայնէ եւ այն օձ դարձած գաւազանը ձեռքդ առ 16Ու ըսէ՛ անոր. «Եբրայեցիներուն Եհովա Աստուածը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն անապատին մէջ. բայց մինչեւ հիմա մտիկ չըրիր’։ 17Այսպէս կ’ըսէ Տէրը. ‘Ասով գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։ Ահա ես իմ ձեռքս եղած գաւազանը գետին մէջի ջուրերուն պիտի զարնեմ ու արիւն պիտի դառնան 18Եւ գետին մէջ եղած ձուկերը պիտի մեռնին ու գետը պիտի հոտի ու Եգիպտացիները պիտի զզուին գետին ջուրէն»։
19Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու ձեռքը երկնցուր Եգիպտացիներուն ջուրերուն վրայ, անոնց առուներուն վրայ, անոնց գետերուն վրայ ու անոնց լիճերուն վրայ եւ անոնց բոլոր ջրակոյտերուն վրայ, որպէս զի արիւն ըլլան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ՝ փայտէ ու քարէ ամաններուն մէջի ջուրերը արիւն թող ըլլան»։ 20Եւ Մովսէս ու Ահարոն Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը վերցուց ու Փարաւոնին առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ գետին ջուրերուն զարկաւ եւ գետին մէջի բոլոր ջուրերը արիւն դարձան։ 21Գետին մէջի ձուկերը մեռան ու գետը հոտեցաւ եւ Եգիպտացիները չէին կրնար գետէն ջուր խմել։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ արիւն կար։ 22Եգիպտոսի մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին։ Փարաւոնին սիրտը նորէն կարծրացաւ ու Տէրոջը ըսածին պէս՝ անոնց մտիկ չըրաւ։ 23Փարաւոն դարձաւ ու իր տունը գնաց։ #7:23 Եբր., իր սիրտը աս բանին վրայ չդրաւԱս ալ անոր սրտին չդպաւ՝ ՝։ 24Բոլոր Եգիպտացիները գետին բոլորտիքը փորեցին խմելու ջուրի համար. վասն զի գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։ 25Տէրը գետը զարնելէն ետքը՝ եօթը օր անցաւ։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.