1
ԵԼԻՑ 8:18-19
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
Compare
Explore ԵԼԻՑ 8:18-19
2
ԵԼԻՑ 8:1
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին մտի՛ր ու ըսէ՛ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի պաշտեն զիս։
Explore ԵԼԻՑ 8:1
3
ԵԼԻՑ 8:15
Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
Explore ԵԼԻՑ 8:15
4
ԵԼԻՑ 8:2
Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։
Explore ԵԼԻՑ 8:2
5
ԵԼԻՑ 8:16
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Քու գաւազանդ երկնցուր ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ մուն ըլլայ’»։
Explore ԵԼԻՑ 8:16
6
ԵԼԻՑ 8:24
Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնին տանը եւ անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ ու շանաճանճին պատճառով երկիրը աւրուեցաւ։
Explore ԵԼԻՑ 8:24