YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 32

32
ՈՍԿԻ ՀՈՐԹԸ
(Բ. Օր. 9:6-29)
1Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։ 2Ահարոն ըսաւ անոնց. «Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն եւ ձեր աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցէ՛ք ու ինծի բերէ՛ք»։ 3Բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնին բերին։ 4Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու #32:4 Կամ, քանդակագործի գրիչովտիպով մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։ 5Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ 6Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։
7Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. 8Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։ 9Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, 10Ուստի հիմա զիս առանձին թողո՛ւր, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։ 11Իսկ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։ 12Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ ‘Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ’։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու #32:12 Եբր., զղջադադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ։ 13Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. ‘Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան’»։ 14Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։
15Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։ 16Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներու վրայ Աստուած գրած էր։ 17Երբ Յեսու պոռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսին. «Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ»։ 18Եւ անիկա ըսաւ. «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես»։ 19Մովսէս բանակին մօտենալով՝ հորթն ու պար բռնողները տեսածին պէս՝ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու լերանը վարի դին կոտրտեց զանոնք։ 20Անոնց շինած հորթը առաւ ու կրակով այրեց ու մանր փոշի ըրաւ եւ ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։
21Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։ 22Ահարոն ըսաւ. «Թող իմ տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ են։ 23Ինծի ըսին՝ ‘Մեզի աստուածներ շինէ՛, որպէս զի մեր առջեւէն երթան, վասն զի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ 24Ես ըսի անոնց. ‘Ով որ ոսկի ունի՝ թող հանէ’։ Բերին ինծի ու ես կրակը ձգեցի զայն եւ այս հորթը ելաւ»։
25Երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, (քանզի Ահարոն #32:25 Կամ, մերկացուց զանոնքթող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու՝ ՝ իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,) 26Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ»։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան 27Եւ ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան։ Ամէն մարդ իր եղբայրը, ամէն մարդ իր ընկերը եւ ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ’»։ 28Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին։ Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան։ 29Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է որ ձեզմէ ամէն մեկը իր որդին ու իր եղբայրը Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»։
30Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։ 31Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով, 32Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ 33Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ։ 34Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։ 35Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնին ձուլած հորթը շինելնուն համար։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 32: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in