YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 33

33
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԹՈՂՈՒԼ ՍԻՆԱ ԼԵՌԸ
1Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’։ 2Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։ 3Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես #33:3 Եբր., ձեր մէջձեզի հետ՝ ՝ պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ»։
4Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ. 5Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսին. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ’»։ 6Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՆԸ
7Մովսէս առաւ խորանը ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեցուց զայն եւ անոր անունը «Վկայութեան Խորան» դրաւ եւ ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած վկայութեան խորանը կ’ելլէր։ 8Երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր ու Մովսէսին ետեւէն կը նայէր, մինչեւ անիկա խորանը մտնէր։ 9Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր։ 10Բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր, որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնէր ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր եւ ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր։ 11Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։
ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ
12Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’։ 13Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու #33:13 Եբր., տեսմիտքդ բեր՝ ՝ որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»։ 14Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։ 15Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի՛ հաներ։ 16Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք, եթէ ո՛չ՝ քու մեզի հետ երթալովդ։ Այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք»։
17Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։ 18Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։ 19Տէրը ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ եւ որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ 20Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ 21Եւ Տէրը ըսաւ. «Ահա քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ. 22Եւ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ. 23Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 33: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in