1
ԵԼԻՑ 32:1
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։
Compare
Explore ԵԼԻՑ 32:1
2
ԵԼԻՑ 32:7-8
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։
Explore ԵԼԻՑ 32:7-8
3
ԵԼԻՑ 32:5-6
Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։
Explore ԵԼԻՑ 32:5-6
4
ԵԼԻՑ 32:30
Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։
Explore ԵԼԻՑ 32:30