ԵԼԻՑ 31
31
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ
(Ելից 35:30–36:1)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Ահա Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը անունովը կանչեցի։ 3Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուցի զանիկա, 4Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիով ու արծաթով եւ պղնձով գործէ։ 5Գամելու համար քարեր կտրելով ու փայտեր քանդակելով եւ ամէն տեսակ գեղարուեստական գործ։ 6Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէս զի բոլոր քեզի պատուիրածներս պատրաստես։ 7Վկայութեան խորանը եւ վկայութեան տապանակը ու անոր վրայ եղած քաւութիւնը եւ խորանին բոլոր կարասիները 8Եւ սեղանը ու անոր անօթները եւ մաքուր աշտանակը իր բոլոր գործիքներով եւ խունկին սեղանը 9Եւ ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներովը եւ աւազանը ու անոր խարիսխը 10Եւ պաշտամունքին զգեստները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, քահանայութիւն ընելու համար 11Եւ օծման իւղը ու սրբարանին համար անուշահոտ խունկը բոլոր քեզի պատուիրածիս պէս»։
ՇԱԲԱԹ՝ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
12Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու ըսաւ. 13«Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Անշուշտ իմ շաբաթներս պիտի պահէք. վասն զի այս նշան մըն է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեր ազգերուն մէջ, որպէս զի գիտնաք թէ ձեզ սուրբ ընող Տէրը ես եմ։ 14Ուստի շաբաթը պահեցէք. վասն զի այն ձեզի սուրբ է. ով որ զանիկա պղծէ, անշուշտ պիտի մեռնի. քանզի ամէն ով որ այն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։ 15Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ով որ շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի։ 16Անոր համար Իսրայէլի որդիները պիտի պահեն շաբաթը, որպէս զի շաբաթը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական ուխտ մը ընեն։ 17Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ»։
18Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 31: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.