YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 27

27
ԽՈՐԱՆԸ
(Ելից 38:1-7)
1Զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինէ՛, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն։ Սեղանը քառակուսի պէտք է ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։ 2Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինէ՛։ Եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ 3Անոր մոխիրը հաւաքելու համար անոր թաղարներ ու անոր թիակներ եւ անոր կոնքեր ու անոր մսահաններ ու անոր կրակի ամաններ շինէ՛։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինէ՛։ 4Անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինէ՛ պղնձէ ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն համար։ 5Զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դի՛ր ներքեւէն, որպէս զի ցանցը սեղանին մէջտեղը ըլլայ։ 6Սեղանին համար ձողեր շինէ՛. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլալու են։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ 7Անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին։ Ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար։ 8Զանիկա տախտակներէ շինէ, բայց մէջը պարապ, լեռը քեզի ցուցուածին պէս շինէ անիկա։
ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ
(Ելից 38:9-20)
9Խորանին սրահ շինէ՛։ Հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են. մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն թող ըլլայ։ 10Անոր քսան սիւներն ու անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, բայց սիւներուն ճանկերը եւ անոնց կապերը արծաթէ թող ըլլան։ 11Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պէտք է ըլլան ու անոր քսան սիւները եւ անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ պէտք է ըլլան։ 12Արեւմտեան կողմին սրահին լայնութեանը համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն, իսկ անոնց սիւները՝ տասը ու անոնց խարիսխները տասը պէտք է ըլլան։ 13Սրահին արեւելեան կողմի վարագոյրին լայնութիւնը յիսուն կանգուն ըլլալու է։ 14Եւ դրանը մէկ քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան։ Անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ 15Միւս քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան. անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ 16Սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգուն նկարազարդ վարագոյր մը շինէ՛։ Ան չորս սիւն ու չորս խարիսխ պէտք է ունենայ։ 17Սրահին բոլորտիքի բոլոր սիւները արծաթապատ ու անոնց ճանկերը արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղնձէ պէտք է ըլլան։ 18Սրահին երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն եւ բարձրութիւնը հինգ կանգուն։ Վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պէտք է ըլլան ու անոնց խարիսխները պղնձէ պէտք է ըլլան։ 19Խորանին բոլոր գործիքները եւ բոլոր գործածութեան համար անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պէտք է ըլլան։
ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ԼՈՅՍԻ
(Ղեւտ. 24:1-4)
20Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի #27:20 Այսինքն, ծեծուած ձիթապտուղէն ինքիրմէ վազածծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։ 21Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 27: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in