ԵԼԻՑ 26
26
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԸ
(Ելից 36:8-38)
1«Խորանը շինէ՛ տասը վարագոյրներով՝ մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ. վարպետի գործ շինէ՛ զանոնք քերովբէներով։ 2Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն պէտք է ըլլայ։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնը պէտք է ըլլայ։ 3Հինգ վարագոյրները իրարու թող կցուին եւ միւս հինգ վարագոյրները՝ իրարու։ 4Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակեայ օղակներ շինէ՛. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս։ 5Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛ եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին վրայ ալ յիսուն օղակ շինէ՛։ Օղակները դէմ դիմաց պէտք է ըլլան։ 6Յիսուն կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինէ՛։ Վարագոյրները ճարմանդներով կոճկէ՛ եւ խորան մը թող ըլլայ։
7Խորանին վրայ ծածկոց ըլլալու համար այծի մազէ վարագոյրներ շինէ։ Տասնըմէկ վարագոյրներ շինէ՛։ 8Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլայ. տասնըմէկ վարագոյրներուն չափը նոյնը ըլլայ։ 9Հինգ վարագոյրները զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցէ՛ եւ վեցերորդ վարագոյրը խորանին առջեւի կողմէն երկպատիկ ըրէ՛։ 10Կցուածքին ծայրը եղած մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրը եղած վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛։ 11Պղնձէ յիսուն կարթաձեւ ճարմանդներ շինէ՛ ու ճարմանդները օղակներուն անցո՛ւր եւ վրանը կոճկէ, որպէս զի մէկ կտոր ըլլայ։ 12Վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագոյրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւէն թող կախուած մնայ։ 13Վրանին վարագոյրներուն երկայնութենէն մէկ կանգուն մէկ կողմէն ու մէկ կանգուն միւս կողմէն աւելցածը խորանին քովերը թող կախուած մնան՝ զանիկա մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար։ 14Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէն ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէն ծածկոց մը շինէ՛։
15Խորանին տախտակները Սատիմի փայտէ շինէ՛, որպէս զի կանգնած մնան։ 16Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն պէտք է ըլլայ։ 17Ամէն մէկ տախտակը երկերկու ագուցիկ ծայրեր թող ունենայ՝ իրարու յարմարած։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըլլան։ 18Խորանին տախտակներ շինէ՛։ Հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէ՛։ 19Եւ տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ շինէ՛։ Մէկ տախտակին տակ իր երկու ագուցիկ ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ եւ միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ պէտք է ըլլայ։ 20Խորանին միւս կողմին համար՝ հիւսիսային կողմը՝ քսան տախտակ, 21Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխներ։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինէ՛։ 22Խորանին ետեւի կողմին համար՝ արեւմտեան կողմը վեց տախտակ շինէ՛։ 23Խորանին անկիւններուն համար ետեւի կողմը երկու տախտակ շինէ՛։ 24Վարէն թող կցուին ու վերէն մէկ օղակով կցուած մէկ կտոր թող ըլլան։ Երկուքն ալ նոյնպէս պէտք է ըլլան։ Անոնք երկու անկիւններուն համար պիտի ըլլան։ 25Այսպէս՝ ասոնք ութը տախտակ պիտի ըլլան ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց խարիսխ պիտի ըլլան։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ թող ըլլայ։ 26Սատիմի փայտէ նիգեր շինէ՛։ Խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ, 27Խորանին միւս քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ ու դէպի արեւմուտք խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ պետք է ըլլայ։ 28Եւ մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղածը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը թող անցնի։ 29Եւ տախտակները ոսկիով պատէ՛ ու անոնց օղակները, այսինքն նիգերուն տեղերը, ոսկիէ շինէ՛։ Նիգերը ոսկիով պատէ՛։
30Խորանը կանգնեցուր այն ձեւին համաձայն, որ լերանը վրայ քեզի ցուցուեցաւ։
31Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ վարագոյրը մը շինէ՛։ Անիկա վարպետի գործ պիտի ըլլայ՝ քերովբէներով։ 32Զանիկա Սատիմի փայտէ չորս ոսկեպատ սիւներու վրայ դի՛ր։ Անոնց #26:32 Կամ, խոյակներըճանկերը ոսկի պէտք է ըլլան ու չորս արծաթ խարիսխներու վրայ թող ըլլան։ 33Վարագոյրը ճարմանդներէն վար կախէ՛ ու հոն վարագոյրին ներսի կողմը վկայութեան տապանակը բեր։ Վարագոյրը ձեզ պիտի բաժնէ սրբութիւնին ու սրբութիւն սրբութեանցին մէջտեղ։ 34Եւ քաւութիւնը վկայութեան տապանակին վրայ՝ սրբութիւն սրբութեանցին մէջ դի՛ր։ 35Վարագոյրին դուրսիդին սեղանը ու սեղանին դէմ խորանին հարաւային կողմը՝ աշտանակը դի՛ր ու սեղանը հիւսիսային կողմը դի՛ր։
36Վրանին դրանը կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինէ՛։ 37Դրան վարագոյրին համար Սատիմի փայտէ հինգ սիւն շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛ եւ անոնց ճանկերը ոսկիէ թող ըլլան ու անոնց համար պղնձէ հինգ խարիսխ ձուլէ՛։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 26: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.