Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։ Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ։