ԵԼԻՑ 28
28
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ
(Ելից 39:1-7)
1«Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ 2Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։ 3Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ 4Անոնց զգեստները ասոնք են՝ լանջապանակ ու եփուտ եւ պատմուճան ու նկարազարդ շապիկ, խոյր եւ գօտի։ Սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնին ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։
5Վարպետները թող գործածեն ոսկի ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն ու կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան։ 6Ոսկի թելէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ վարպետութեամբ թող շինեն եփուտը։ 7Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պէտք է ունենան, որպէս զի եփուտը միանայ։ 8Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն նիւթէն՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են։ 9Երկու եղնգնաքարեր պիտի առնես ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես։ 10Անոնց անուններուն վեցը՝ մէկ քարի վրայ եւ մնացած վեց անունները՝ ուրիշ քարի մը վրայ՝ անոնց ծնունդներուն համաձայն փորագրուի։ 11Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն կնիք փորագրելու պէս փորագրէ, ոսկի խորշերու մէջ գամէ՛ զանոնք։ 12Երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ դի՛ր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջեւ։ 13Ոսկիէ խորշեր շինէ 14Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ շինէ՛ ու հիւսուած շղթաները խորշերուն անցուր։
ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԸ
(Ելից 39:8-21)
15Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ 16Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։ 17Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։ 18Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։ 19Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 20Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։ 21Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին։ 22Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինէ՛։ 23Լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դի՛ր։ 24Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցո՛ւր։ 25Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցո՛ւր ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դի՛ր։ 26Երկու ոսկի օղակներ ալ շինէ՛ ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին երկու ուսերուն դիր։ 27Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինէ, զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուր 28Որ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլան ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։ 29Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջեւ յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պէտք է կրէ։ 30Դատաստանի լանջապանակին մէջ #28:30 Այսինքն, լոյսեր (յայտնութիւն)Ուրիմը ու #28:30 Այսինքն, կատարելութիւններ (ճշմարտութիւն)Թումիմը դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք է կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ
(Ելից 39:22-31)
31Եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ շինէ։ 32Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը պէտք է ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենալու է, որպէս զի չպատռի։ 33Անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռեր շինէ՛ քղանցքներուն բոլորտիքը։ Անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։ 34Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը։ 35Պաշտամունքի ատեն անիկա Ահարոնին վրայ պէտք է ըլլայ ու Տէրոջը սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի, որպէս զի չմեռնի։
36Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ #28:36 Այսինքն, Տէրոջը սրբացածՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ՝ ՝ փորագրէ՛։ 37Կապուտակ ժապաւէն մը անցուր անոր, որ խոյրին վրայ դրուի եւ խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։ 38Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։
39Շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսէ՛ ու խոյրը բարակ քթանէ շինէ՛ եւ գօտին նկարազարդ շինէ՛։
40Ահարոնի որդիներուն շապիկներ շինէ՛ ու անոնց գօտիներ շինէ՛ եւ պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ շինէ՛։ 41Զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնին ու իրեն հետ իր որդիներուն հագցուր։ Զանոնք օծէ՛ եւ #28:41 Եբր., անոնց ձեռքը պիտի լեցնեսօրհնէ՛՝ ՝ ու սրբէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 42Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։ 43Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 28: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.