YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 23

23
ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
1Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։ 2Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։ 3Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։
4Եթէ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպելու ըլլաս, անշուշտ իրեն պէտք է դարձնես զանիկա։ 5Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը։
6Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր. 7Սուտ խօսքէն հեռու կեցիր եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. վասն զի ես չարը պիտի չարդարացնեմ։
8Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ։ 9Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՕՐԸ
10Քու երկիրդ վեց տարի սերմանէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛։ 11Բայց եօթներորդ տարին ազատ ձգէ՛ ու թողո՛ւր զայն, որպէս զի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին անասունները ուտեն. քու այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ այսպէս ըրէ։ 12Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն։ 13Եւ բոլոր ձեզի ըսածներուս մէջ զգոյշ եղէք եւ ուրիշ աստուածներու անուն մի՛ յիշէք. ձեր բերնէն թող չլսուի։
ԵՐԵՔ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐԸ
(Ելից 34:18-26, Բ. Օր. 16:1-17)
14Տարին երեք անգամ տօն պահէ՛։ 15Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. քեզի պատուիրածիս պէս եօթը օր անխմոր հաց պիտի ուտես Ապիպ ամսուան մէջ սահմանուած ժամանակին. վասն զի այն ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Բնաւ մէկը ձեռքը դատարկ թող չերեւնայ իմ առջեւս։ 16Արտին մէջ ցանելու աշխատութեանդ երախայրի պտուղը հնձելու տօնը ու տարուան վերջը հաւաքելու տօնը պահէ՛, երբ արտէն քու աշխատութիւնդ կը հաւաքես։ 17Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան։
18Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ ու իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող չմնա՛յ։ 19Քու երկրիդ առաջին երախայրիները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է տանիս։
Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։
ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
20Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ 21Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։ 22Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։ 23Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերեզացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք։ 24Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։ 25Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։ 26Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցընեմ։ 27Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։ 28Եւ քու առջեւէդ իշամեղու պիտի ղրկեմ, որպէս զի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտէ։ 29Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան։ 30Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։ 31Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը ու անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի ըլլան. վասն զի այն երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի տամ, որ զանոնք քու առջեւէդ վռնտես։ 32Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։ 33Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 23: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in