1
ԵԼԻՑ 23:25-26
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։ Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցընեմ։
Compare
Explore ԵԼԻՑ 23:25-26
2
ԵԼԻՑ 23:20
Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։
Explore ԵԼԻՑ 23:20
3
ԵԼԻՑ 23:22
Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։
Explore ԵԼԻՑ 23:22
4
ԵԼԻՑ 23:2-3
Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։ Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։
Explore ԵԼԻՑ 23:2-3
5
ԵԼԻՑ 23:1
Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։
Explore ԵԼԻՑ 23:1