YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 22

22
ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։ 2Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի ու զարնուի եւ մեռնի, անոր համար արիւն պիտի չթափուի։ 3Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի։ Անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ։ 4Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ, թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։
5Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը #22:5 Եբր., մէջ արածել տայվնաս տայ՝ ՝, ձգելով որ իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին ամենէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամենէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ։ 6Եթէ կրակ ցատքէ, ցանկին փուշերուն փակչի եւ դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։
7Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցանէ։ 8Եթէ գողը չգտնուի, տանտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, յանձնուած ստացուածքին ձեռք չդպցնելը ստուգելու համար։ 9Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, եզի, կամ իշու, ոչխարի եւ կամ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջեւ տարուի ու երբ դատաւորները ճշդեն յանցաւորը, անիկա իր դրացիին՝ կրկինը պիտի հատուցանէ։
10Եթէ մէկը իր դրացիին էշը կամ եզը, կամ ոչխարը, կամ ոեւէ անասուն պահելու համար տայ ու անիկա մեռնի կամ վնասուի, կամ #22:10 Եբր., գերութեան քշուիթշնամին առնէ տանի՝ ՝ ու տեսնող մը չըլլայ, 11Այն ատեն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը եւ ինք պիտի չհատուցանէ։ 12Եթէ իրաւցընէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տիրոջը պէտք է հատուցանէ։ 13Եթէ գազանէ պատառուած ըլլայ, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար. այն ատեն պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ։
14Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ ու անիկա վնասուի կամ մեռնելու ըլլայ եւ անոր տէրը իրեն հետ չըլլայ, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ. 15Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձքով առած էր, վարձքին տեղը սեպուի։
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
16Եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պէտք է ընէ։ 17Եթէ աղջկան հայրը ամենեւին չուզէ տալ, անիկա կոյսերուն օժիտին չափ ստակ պարտի տալ։
18Կախարդ կինը մի՛ ապրեցներ։
19Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի։
20Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պէտք է կորսուի։
21Օտարականը մի՛ չարչարեր ու զանիկա մի՛ նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ 22Որբեւարին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։ 23Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը։ 24Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւարի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան։
25Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի՛ ըլլար ու անոր վրայ վաշխ մի՛ դներ։ 26Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձուր. 27Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմնին հանդերձն է այն։ Ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ։
28Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։
29Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթերուդ երախայրիները մի՛ ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պէտք է տաս։ 30Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ այսպէս ըրէ. եօթը օր մօրը հետ պիտի ըլլայ. ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս։
31Դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք։ Դաշտին մէջ գազաններէն պատառուածին միսը մի՛ ուտէք. այլ՝ շուներուն նետեցէք։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 22: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in