YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 24

24
ՈՒԽՏԸ ԿՆՔՈՒԱԾ
1Ան ըսաւ Մովսէսին. «Տէրոջը ելէ՛ք դուն ու Ահարոնը, Նադաբն ու Աբիուդը եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ու հեռուէն երկրպագութիւն ըրէք։ 2Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջը։ Անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ ելլէ»։
3Մովսէս եկաւ ու Տէրոջը բոլոր խօսքերը եւ բոլոր կարգադրութիւնը պատմեց ժողովուրդին։ Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք»։ 4Մովսէս Տէրոջը բոլոր խօսքերը գրեց ու առտու կանուխ ելաւ ու լերանը տակ սեղան շինեց, տասներկու արձան կանգնեցուց, սրայէլի տասներկու ցեղերուն համեմատ։ 5Եւ Իսրայէլի որդիներէն պատանիներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջը։ 6Մովսէս արիւնին կէսը առաւ ու կոնքերու մէջ դրաւ եւ արիւնին կէսը սեղանին վրայ սրսկեց։ 7Ապա՝ առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։ 8Մովսէս առաւ արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն՝ Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը»։
9Այն ատեն Մովսէս ու Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ելան 10Եւ Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ շափիւղայով սալարկուածի պէս էր եւ պայծառութեամբ՝ բուն երկնքին պէս։ 11Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չերկնցուց եւ Աստուած տեսան ու կերան ու խմեցին։
ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ
12Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։ 13Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ 14Եւ ըսաւ ծերերուն. «Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ»։
15Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը։ 16Տէրոջը փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ։ Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։ 17Տէրոջը փառաւոր տեսիլքը լերանը գագաթին վրայ մաշող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ։ 18Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 24: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in