YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 2

2
ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
1Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։ 2Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։ 3Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, պրտուեղէն տապանակ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։ 4Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։ 5Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։ 6Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։ 7Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։ 8Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։ 9Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։ 10Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը #2:10 Այսինքն, ջուրէն հանուածՄովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։
ՄՈՎՍԷՍ ՄԱԴԻԱՄ ԿԸ ՓԱԽՉԻ
11Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։ 12Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։ 13Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։ 14Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։
15Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։ 16Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։ 17Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։ 18Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։ 19Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։ 20Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։ 21Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։ 22Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը #2:22 Այսինքն, հոն պանդխտացածԳերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։
23Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։ 24Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր։ 25Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in