ԵԼԻՑ 1
1
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆԳԹՈՒԹԻՒՆԸ
1Եգիպտոս գացող Իսրայէլի որդիներուն անունները ասոնք են. ամէն մէկը իր տունովը Յակոբին հետ գնաց. 2Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի ու Յուդա, 3Իսաքար, Զաբուղոն եւ Բենիամին, 4Դան ու Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։ 5Եւ Յակոբի երանքէն ելած բոլոր հոգիները եօթանասուն հոգի էին. Յովսէփն ալ Եգիպտոս էր։ 6Յովսէփ ու անոր բոլոր եղբայրները եւ բոլոր այն ազգը մեռան։ 7Եւ Իսրայէլին որդիները աճեցան ու բազմացան եւ շատցան ու խիստ զօրացան եւ այն երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։
8Արդ Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ 9Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. «Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են. 10Եկէք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան ու երբ պատերազմ պատահելու ըլլայ, անոնք ալ մեր թշնամիներուն հետ միանան ու մեզի դէմ պատերազմին եւ այս երկրէն ելլեն»։ 11Անոր համար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով։ Փարաւոնին շտեմարանին քաղաքներ՝ Փիթօմը ու Ռամսէսը՝ շինեցին։ 12Որչափ կը չարչարէին զանոնք, անոնք ա՛լ աւելի կը շատնային ու կ’աճէին։ Եգիպտացիները Իսրայէլի որդիներէն ձանձրացան 13Եւ բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։ 14Անոնց կեանքը ծանր գործով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործով կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բռնութեամբ կ’ընէին։
15Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը՝ Սեփրա ու միւսին անունը՝ Փուա էր 16Ոը ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ նստարաններուն վրայ պէտք է նայիք, եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք զանիկա եւ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։ 17Բայց մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան ու Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին. հապա արուներն ալ ողջ կը թողուին։ 18Եգիպտոսի թագաւորը կանչեց մանկաբարձները ու ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այս բանը ըրիք ու արուները ողջ թողուցիք»։ 19Եւ մանկաբարձները ըսին Փարաւոնին. «Քանզի Եբրայեցի կիները Եգիպտոսի կիներուն պէս չեն. վասն զի առոյգ են. մանկաբարձը անոնց չհասած՝ կը ծնանին»։ 20Անոր համար Աստուած մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ եւ ժողովուրդը շատցաւ ու խիստ զօրացաւ։ 21Քանի որ մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, Աստուած ալ անոնց տուներ շինեց։ 22Այն ատեն Փարաւոն իր բոլոր ժողովուրդին հրամայեց՝ ըսելով. «Ամէն ծնած տղայ գետը նետեցէք եւ ամէն աղջիկ ողջ թողուցէք»։
Currently Selected:
ԵԼԻՑ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.