1
ԵԼԻՑ 2:24-25
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր։ Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը։
Compare
Explore ԵԼԻՑ 2:24-25
2
ԵԼԻՑ 2:23
Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։
Explore ԵԼԻՑ 2:23
3
ԵԼԻՑ 2:10
Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։
Explore ԵԼԻՑ 2:10
4
ԵԼԻՑ 2:9
Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։
Explore ԵԼԻՑ 2:9
5
ԵԼԻՑ 2:5
Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։
Explore ԵԼԻՑ 2:5
6
ԵԼԻՑ 2:11-12
Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։ Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։
Explore ԵԼԻՑ 2:11-12