YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 3

3
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎՍԷՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
1Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։ 2Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։ 3Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։ 4Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 5Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։ 6Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։
7Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ 8Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։ 9Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։ 10Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։ 11Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ 12Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։
13Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ 14Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։ 15Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։ 16Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. ‘Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ. 17Ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի Քանանացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի հանեմ’։ 18Անոնք քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ’աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէս զի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ 19Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, #3:19 Կամ, եթէ ոչո՛չ ալ՝ ՝ զօրաւոր ձեռքով։ 20Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք։ 21Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ Եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք. 22Հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in