Բ. ՕՐԻՆԱՑ 5
5
ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ
(Ելից 20:1-17)
1Մովսէս բոլոր Իսրայէլի կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, այս կանոններն ու դատաստանները, որոնք ես այսօր ձեր ականջներուն պիտի խօսիմ, սորվեցէ՛ք զանոնք եւ զգուշութեամբ գործադրեցէք։ 2Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի հետ ուխտ ըրաւ։ 3Տէրը այս ուխտը մեր հայրերուն հետ չըրաւ, հապա մեզի հետ, որ մենք ամէնքս այսօր հոս ողջ ենք։ 4Տէրը լերանը վրայ կրակի մէջէն մեզի հետ դէմ առ դէմ խօսեցաւ. 5(Ու ես այն ատեն Տէրոջը ու ձեր մէջտեղ կայնեցայ, որպէս զի Տէրոջը խօսքերը ձեզի պատմեմ. վասն զի դուք կրակէն վախնալով լեռը չելաք.) եւ ըսաւ.
6«Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։
7«Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։
8«Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. 9Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. 10Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
11«Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
12«Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ 13Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. 14Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։ 15Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես։
16«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։
17«Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
18«Շնութիւն մի՛ ըներ։
19«Գողութիւն մի՛ ըներ։
20«Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։
21«Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
22Տէրը այս խօսքերը լերանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ եւ ուրիշ բան չաւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք ու ինծի տուաւ։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ
(Ելից 20:18-21)
23Իսկ լերանը կրակով բռնկած ատենը, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք, իմ քովս եկաք դուք, այսինքն ձեր ցեղերուն բոլոր գլխաւորները եւ ձեր ծերերը ու ըսիք. 24‘Ահա մեր Տէր Աստուածը իր փառքն ու մեծութիւնը մեզի ցուցուց ու անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք։ Այսօր թէեւ Աստուած մարդու հետ խօսեցաւ, բայց մարդը ողջ մնաց։ 25Եւ հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք. (քանզի այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ.) եթէ մենք մեր Տէր Աստուծոյն ձայնը անգամ մըն ալ լսելու ըլլանք, պիտի մեռնինք։ 26Վասն զի բոլոր մարմին ունեցողներէն ո՞վ կրակի մէջէն խօսող կենդանի Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեց ու ողջ մնաց։ 27Դուն մօտեցի՛ր եւ մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լսէ ու մեր Տէր Աստուածը քեզի հետ ինչ որ խօսի՝ դուն մեզի ըսէ՛ եւ մենք մտիկ ընենք ու կատարենք’։ 28Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց, երբ դուք ինծի կը խօսէիք ու ինծի ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերը լսեցի. անոնց ամէն ըսածը շիտակ է։ 29Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան։ 30Գնա՛ անոնց ըսէ. «Դուք ձեր վրանները դարձէք»։ 31Բայց դուն հոս ինծի հետ կեցիր ու բոլոր անոնց սորվեցնելու պատուիրանքներդ, կանոններդ ու դատաստաններդ քեզի ըսեմ, որպէս զի զանոնք կատարեն այն երկրին մէջ, որ ես անոնց պիտի տամ ժառանգութեան համար’։
32Արդ՝ զգոյշ եղէ՛ք, ձեր Տէր Աստուծոյն պատուէրը կատարեցէք, աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիք։ 33Ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրած բոլոր ճամբաներուն մէջ քալեցէք, որպէս զի ապրիք ու ձեզի աղէկ ըլլայ եւ ձեր ժառանգելու երկրին մէջ երկարակեաց ըլլաք։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 5: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.