Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6
6
ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
1«Ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ գործադրէք զանոնք. 2Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս ու անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ եւ թէ՛ քու որդիիդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան։ 3Արդ՝ ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ ու զգուշութեամբ զանոնք կատարէ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ եւ կաթ ու մեղր բղխող երկրին մէջ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ։
4Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը #6:4 Եբր., մէկմի միայն՝ ՝ Տէր է։ 5Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ 6Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան 7Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։ 8Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ 9Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
10Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես 11Եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս, 12Զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս։ 13Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ եւ անոր անունովը երդում ըրէ։ 14Օտար աստուածներու, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթաք. 15(Վասն զի քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձոտ է.) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ։
16Ձեր Տէր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։ 17Ձեր Տէր Աստուծոյն վկայութիւններն ու կանոնները զգուշութեամբ պահեցէք։ 18Տէրոջը առջեւ ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ըրէ՛, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, որպէս զի մտնես ու ժառանգես այն ընտիր երկիրը, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ 19Քու բոլոր թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածէ, ինչպէս Տէրը պատուիրեց։
20Երբ՝ վաղը՝ քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ. ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց’. 21Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց. 22Նաեւ Տէրը մեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնին վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու #6:22 Եբր., չարսոսկալի նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ 23Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ բերէ ու երդումով մեր հայրերուն խոստացած երկիրը տայ մեզի։ 24Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղեկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր։ 25Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի’։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.