Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։