YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4

4
ՄՈՎՍԷՍ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ
1Եւ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին. «Հնազանդէ՛ այն օրէնքներուն, որոնք սորվեցուցի, որպէս զի ապրիս եւ ժառանգես այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ 2Պատուէրներուս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահեցէք, որոնք ես ձեզի իմացուցի։ 3Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց։ 4Բայց դուք, որ ձեր Տէր Աստուծոյն յարեցաք, ամէնքդ այսօր ողջ էք։ 5Ահա ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէս զի անոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ 6Ուստի դուք անոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’։ 7Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ իրմէ կը խնդրենք։ 8Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ։
9Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես։ 10Այն օրը երբ դուն Քորեբի մէջ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կեցեր էիր, Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ժողովուրդը ինծի հաւաքէ ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինծմէ վախնալ որչափ ատեն որ երկրի վրայ ապրին ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն’։ 11Դուք մօտենալով՝ լերանը տակ կանգնեցաք։ Լեռը խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած, #4:11 Եբր., մինչեւ երկնքի սիրտըմինչեւ երկինք՝ ՝ կրակով կը բորբոքէր։ 12Եւ Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք, բայց կերպարանքը չտեսաք, միայն ձայնը լսեցիք։ 13Իր ուխտը, տասը պատուիրանքները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց։ 14Այն ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցնեմ, որպէս զի զանոնք գործադրէք այն երկրի մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
15Ուրեմն ձեր հոգիներուն աղէկ զգուշութիւն ըրէք. որովհետեւ այն օրը, որ Տէրը Քորեբ լեռը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ, ոեւէ կերպարանք չտեսաք։ 16Անօրէնութիւն մի՛ ընէք. ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ #4:16 Եբր., նմանութեանբանի պատկեր՝ թէ՛ արուի եւ թէ՛ էգի նմանութեամբ, 17Կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութեամբ, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութեամբ, 18Կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութեամբ մի՛ շինէք. 19Նաեւ աչքերդ երկինք վերցնելով ու արեւը կամ լուսինը կամ աստղերն ու երկնքի բոլոր զարդը տեսնելով մի՛ խաբուիր ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց։ 20Բայց Տէրը ձեզ առաւ ու ձեզ երկաթի հնոցէն՝ Եգիպտոսէն՝ հանեց, որպէս զի իրեն #4:20 Եբր., ժառանգութեանսեփական ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք։
21Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով երդում ըրաւ, որ Յորդանանէն չանցնիմ ու չմտնեմ այն ընտիր երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ ժառանգելու համար։ 22Այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ ու Յորդանանէն պիտի անցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք ու այն ընտիր երկիրը պիտի ժառանգէք։ 23Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի հետ ըրած ուխտը մոռնաք ու ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք, որը քու Տէր Աստուածդ քեզի արգիլեց։ 24Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։
25Երբ դուք որդիներ ու որդիներու որդիներ ծնանելու ըլլաք եւ այն երկրին մէջ շատ ատեն նստելու ըլլաք, այն ատեն եթէ անօրէնութիւն ընէք եւ կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք ու ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ընէք ու զանիկա բարկացնէք՝ 26Այսօր երկինքն ու երկիրը ձեզի վրայ կը բռնեմ՝ որ դուք անպատճառ ամբողջովին պիտի կորսուիք այն երկրէն, որ Յորդանանէն անցնելով պիտի ժառանգէք։ Այնտեղ կեանքերնիդ երկար պիտի չըլլայ, այլ բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլաք։ 27Տէրը ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուէ, նաեւ սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ, ուր Տէրը ձեզ պիտի քշէ։ 28Հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կ’ուտեն եւ ո՛չ կը հոտուըտան։ 29Բայց եթէ հոն քու Տէր Աստուածդ փնտռես ու զանիկա բոլոր սրտովդ եւ բոլոր հոգիովդ փնտռելու ըլլաս՝ պիտի գտնես։ 30Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես, 31Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։
32Արդ՝ քեզմէ առաջ եղած օրերէն ի վեր, այսինքն Աստուծոյ մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է։ 33Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։ 34Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը միւս ազգերուն մէջէն իրեն առա՞ծ է՝ փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։ 35Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ։ 36Քեզ խրատելու համար իր ձայնը երկնքէն լսել տուաւ քեզի ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը քեզի ցուցուց ու անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր։ 37Քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէն հանեց. 38Որպէս զի՝ քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր՝ քու առջեւէդ վռնտէ ու քեզ տանի անոնց երկիրը, որ քեզի իբր ժառանգ պիտի տայ եւ որ այդպէս այսօր ժառանգած ես։ 39Այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, թէ վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ։ 40Ուստի անոր կանոններն ու պատուիրանքները պահէ, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ ու նաեւ քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ մշտնջենապէս»։
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
41Այն ատեն Մովսէս Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւելք երեք քաղաք զատեց. 42Որպէս զի երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ ատելութիւն չունեցող ու անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնող մարդասպանը հոն փախչի ու այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով՝ ողջ մնայ։ 43Ռուբէնեաններուն համար դաշտային երկրին եւ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադեաններուն համար Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասեաններուն համար Բասանի մէջ Գովղանը զատեց։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
44Ասիկա է այն օրէնքը որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց։ 45Ասոնք են այն վկայութիւնները, կանոնները եւ դատաստանները, որոնք Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց, անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը, 46Յորդանանի ասդիի կողմը Բեթփեգովրի դէմ գտնուող հովիտին մէջ, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, որ Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէն ելած ատենը 47Եւ անոր երկիրն ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը, այսինքն Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն երկիրները, 48Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն մինչեւ Սիօն լեռը՝ որ Հերմոն կը կոչուի 49Ու Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը եղած բոլոր դաշտը մինչեւ Ասեդովդ-Փասքայի ներքեւի դաշտը՝ ծովուն քովը ժառանգեցին։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in