Բ. ՕՐԻՆԱՑ 3
3
ԻՍՐԱՅԷԼ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ
(Թուոց 21:31-35)
1«Անկէ դարձանք Բասանի ճամբան ելանք։ Բասանի Ովգ թագաւորը ինք՝ իր բոլոր ժողովուրդովը՝ Եդրայիի մէջ մեր դէմն ելաւ պատերազմելու համար։ 2Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ վախնար, վասն զի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդն ու երկիրը քու ձեռքդ պիտի տամ ու անոր ալ՝ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ’։ 3Մեր Տէր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ժողովուրդը մեր ձեռքը տուաւ եւ մենք այնպէս ջարդեցինք #3:3 Եբր., զանիկա, անոր մնացորդ չթողելու չափզանոնք, որ անոնցմէ մէ՛կն ալ ողջ չմնաց՝ ՝։ 4Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք։ Քաղաք մըն ալ չմնաց, որ չառնենք։ Վաթսուն քաղաք, այսինքն բոլոր Արգովբի գաւառը, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութիւնը։ 5Ասոնց ամէնքն ալ բարձր պարիսպներով, դռներով ու դռնափակներով ամրացած քաղաքներ էին, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք խիստ շատ էին։ 6Զանոնք բնաջինջ ըրինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը ըրինք, բոլոր քաղաքներու մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք. 7Սակայն բոլոր անասուններն ու քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ 8Նոյն ժամանակ՝ Յորդանանի անդիի կողմը եղող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք երկիրը՝ Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը։ 9Սիդոնացիները Հերմոնին Սարիօն կ’ըսէին, բայց Ամօրհացիները զանիկա Սանիր կը կոչէին 10Բոլոր դաշտի քաղաքները, բոլոր Գաղաադն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգին թագաւորութեան քաղաքները առինք։ 11Քանզի հսկաներէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացեր էր։ Անոր երկաթէ մահիճը Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կեցած է։ Երկայնութիւնը ինը կանգուն էր ու լայնութիւնը չորս կանգուն էր՝ սովորական կանգունով։
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՑԵՂԵՐԸ
(Թուոց 32:1-42)
12Երբ առինք երկիրը, Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ լերանը կէսը՝ իր քաղաքներովը Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի։ 13Գաղաադի մնացած մասը ու բոլոր Բասանը՝ այսինքն Ովգին թագաւորութիւնն ու բոլոր Արգովբի գաւառը, բոլոր Բասանին հետ, որ հսկաներու երկիր կը կոչուէր՝ Մանասէին ցեղին տուի։ 14Մանասեան Յայիրը բոլոր Արգովբի գաւառը առաւ մինչեւ Գեսուրացիներու ու Մաքաթացիներու սահմանը ու զանոնք իր անունովը մինչեւ այսօր #3:14 Այսինքն, Յայիրի գիւղաքաղաքներուն ԲասանըԲասան-Հաւօթյայիր՝ ՝ կոչեց։ 15Այսպէս Գաղաադը Մաքիրին տուի։ 16Գաղաադէն մինչեւ Առնոն ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը, որ սահմանն է,) ու մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի, 17Նաեւ դաշտը՝ Յորդանանի սահմանովը Քեներեթէն մինչեւ դաշտային ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղած Ասեդովթ-Փասգայի տակ։
18Այն ատեն ձեզի պատուիրեցի ու ըսի. ‘Ձեր Տէր Աստուածը այս երկիրը ձեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ. ուստի դուք ամէնքդ, որ կտրիճներ էք, զէնքերնիդ առէք ու Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն՝ առջեւ անցէք. 19Բայց ձեր կիները, ձեր որդիներն ու ձեր անասունները, (որովհետեւ ձեր անասուններուն շատ ըլլալը գիտեմ,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ, որոնք ես ձեզի տուի, 20Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ ու մինչեւ որ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը Յորդանանի անդիի կողմը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեզմէ ամէն մէկը դառնայ իր ժառանգութեանը, որ ես ձեզի տուի’։
21Այն ատեն Յեսուին պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Քու աչքերդ տեսան ինչ որ ձեր Տէր Աստուածը այս երկու թագաւորներուն ըրաւ. այնպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն ամէն թագաւորներուն, #3:21 Եբր., որ դուն հոն անցնիսորոնց վրայ դուն պիտի երթաս՝ ՝։ 22Անոնցմէ մի՛ վախնաք. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ինք կը պատերազմի ձեզի համար’։
ՄՈՎՍԷՍԻ ՉԱՐՏՕՆՈՒԻՐ ՔԱՆԱՆ ՄՏՆԵԼ
23Այն ատեն Տէրոջը աղաչեցի ու ըսի. 24‘Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն սկսար քու ծառայիդ ցուցնել քու մեծութիւնդ ու քու զօրաւոր ձեռքդ, վասն զի երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ քու գործերուդ ու քու զօրութեանդ պէս գործ մը ընելու կարող ըլլայ։ 25Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդիի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը, տեսնեմ’։ 26Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով՝ իմ խնդիրքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես. 27Փասգայի գագաթը ելի՛ր ու դէպի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք աչքերդ վերցո՛ւր ու քու աչքերովդ դիտէ. քանզի դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։ 28Ու Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր։ 29Ուստի մենք հովիտին մէջ Բեթփեգովրի դիմաց նստեցանք»։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 3: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.